ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՊԱՇՏՕՆ

Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան ընտրուեցաւ Եւրոասիոյ Գրադարանային համախմբման փոխ-նախագահ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ այդ համախմբման համաժողովը։ Սա անոր անդամներու 25-րդ ընդհանուր ժողովն էր, որու արդիւնքով Աննա Չուլեան կոչուեցաւ փոխ-նախագահի պաշտօնին։

Հանդիպման մասնակցեցան Հայաստանի, Ռուսաստանի, Սպիտակ Ռուսիոյ, Ղազախիստանի, Խրղզիստանի, Մոլտավիայի, Տաճիկիստանի, Էօզպեքիստանի եւ Ատրպէյճանի խոշորագոյն գրադարաններու ղեկավարները։ Քննարկուեցան այդ կառոյցի ապագայ ծրագրերն ու զարգացման հեռանկարները։

Համագումարի օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ զբաղեցուցին ղեկավար մարմիններու ընտրութիւնները։ Նոր ձեւաւորուած ղեկավարութիւնը մինչեւ 2025 թուականը պիտի առաջնորդէ Եւրոասիոյ Գրադարանային համախմբումը։ Ձայներու մեծամասնութեամբ նախագահի պաշտօնին կոչուեցաւ Ռուսաստանի Պետական գրադարանի ընդհանուր տնօրէն Վատիմ Տուտա։ Աննա Չուլեանի փոխ-նախագահ ընտրուիլը կը համարուի յատկանշական, որովհետեւ, Հայաստանին առաջին անգամ կը վիճակի այսպիսի պատասխանատու պաշտօն մը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2021