ՀԱՑԻ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋ ՆՍՏԻԼԸ ՄԻԱՅՆ ՈՒՏԵԼՈՒ «ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ» ՄԸ ՉԷ

Ինչ յիշողութիւններ կու գան մարդուս մտքին մէջ, երբ սովորական համարուած սեղանի մը շուրջ նստելով իր օրուան հացը կը բաժնէ հարազատներուն հետ։ Տարբեր առիթներով երբ խօսակցութեան նիւթը օրուայ ճաշատեսակը կը դառնայ, շատեր նոյնիսկ անհեթեթ կը համարեն այդ մասին խօսակցութիւնները։

Խորքին մէջ, սակայն, ուտելու «արարողութիւնը» սոսկ դատարկ ստամոքս մը լեցնելու միտուած գործողութիւն մը չէ։ Առնուազն մեզի՝ արեւելքցիներուս համար այդպէս է։ Հացը բաժնելու արարողութիւնը, այդ հացին վրայ կտոր մը ճերմակ պանիր դնելու արարքը, յետոյ յիշելը, որ այս կամ այն բարեկամը ի՛նչ տեսակի պանիր կը սիրէ ճաշակել. այդ ալ մեր մեծ պատմութեան, մեր կեանքին ու մեր կենցաղին մաս կը կազմէ։

Գուցէ շատեր պիտի համարեն, որ նիւթը շատ փոքրացուցի, սակայն մեծ ու խորքային մօտեցումները նոյն այդ փոքր ժամադրութիւններէն ընթացք կ՚առնեն։

Ո՞ւր եղաւ ձեր սիրելիին հետ առաջին ժամադրութիւնը, ո՞ր կամարին տակ դուն եւ սիրելիդ իրարու ձեռք բռնեցիք եւ ի վերջոյ ինչքա՞ն երկա՜ր թուաց այն ճանապարհը, որով միասին անցաք՝ հասնելու համար երդիքի մը տակ կտոր մը հաց ու պանիր բաժնելու։ Գուցէ այդ սեղանին վրայ հաց ու պանիր անգամ չկար, կային աւելի «բարդ» կերակուրներ, գուցէ աւելի սուղնոց խորտիկներ, համադամ աղանդեր կամ նոյնիսկ ամենաթանկ համարուած գինիի շիշ մը, բայց այդ բոլորը երկրորդական են…։

Յիշողութիւնը եւ պահուն գագաթնակէտը՝ իրարու հետ հաց բաժնելու արարողութիւնն էր, որուն մասին ալ ցայսօր խոստովանութիւնը կը շարունակուի ու ամենակարեւորը՝ այդ կտոր մը հաց ու պանիրին ընդմէջէն սկսած սէրը կը շարունակէ յորդիլ…։ Սա, անշուշտ, ներանձնական սպասումներու, զգացումներու, փոխադարձ կապուածութեան մը մասին վկայող սէր մըն է, որուն մէջ կու գան ու կը միախառնուին այլ մակարդակի ամէն տեսակի զգացումներ։

Տեղի հարցը, տան զգացումը, անցեալը եւ մեզմէ առյաւէտ հեռացած սիրելիներու յիշատակը ապրեցնելու ու անոնց վառ ժպիտները դարձեալ սեղանին բերելու ճիգերը նոյնպէս մաս կը կազմեն այն արարողութեան, որուն մենք յաճախ «ընտանեկան ճաշ» խորագիրը կու տանք՝ առանց ուրանալու, որ այդ նոյն փոքրիկ ու յաճախ ալ ներանձնական պահերուն մէջ կան շատ աւելի տարողունակ ու մեծ սպասումներ։ Այդ սպասումները մեր հաւաքական ճիգերուն, մեր մեծ ու փոքր երազներուն, պայքարներուն, ցաւին, յաղթանակներուն ու մանաւանդ՝ ճակատագրին ու այդ ճակատագիրը չլքելուն հետ կապ ունին։ Այլ խօսքով՝ ուտելիքները մաս կը կազմեն այն անցեալին, որմէ մենք յաճախ մեր ձեռքերը լուալ կը փորձենք, կամ այն տեղերուն, որոնք այսօր արդէն չկան մեր իսկ որոշումով, մեր փափաքով եւ մեր ու մեր ճակատագրին միջեւ եղած լաւ ու վատ յարաբերութիւններով։ Գուցէ այդ պատճառով է նաեւ, որ հեռաւոր ամերիկաներուն մէջ մեր հայրենակիցներէն շատեր այս «ուտելիքի պատմութիւն»ը, «ընտանեկան ճաշ»երու մեծ սեղանը կը բանան բոլորին առջեւ՝ ցոյց տալու համար այն հին սէրն ու վաղեմի կապուածութիւնը, որ երբեք չէ լքած զիրենք։

Կարօտի եւ որոնումներու մեծ պաշարներուն մէջ ուտելիքը, սեղանի վրայ կտոր մը հաց ու պանիր բաժնելու «արուեստը» սոսկ ուտելու արարք մը չէ, այլ ունի անցեալի, կապուածութեան, ինքնութեան եւ հարազատութեան հետ անմիջական կապեր եւ այդ ճանապարհով ալ տարբեր հայրենակիցներ կը փորձեն իրենց սէրն ու կարօտը դիմացինին հետ բաժնել։ Գուցէ ճակատագիր մը որոնել կամ բախտակից մը գտնել, որպէսզի հացն ու սեղանը դառնան աւելի գեղեցիկ ու պահը դառնայ աւելի տիրական…։

Ամէն պարագայի, այսօրուան հունին մէջ մտնելով, ստորեւ պիտի ներկայացնեմ Դաւիթ Երէցեանի պատմութիւնը, որ հեռաւոր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնադրած է փուռ-ճաշարան մը ու զայն «մկրտած»՝ «Սասուն» անունով։ Հաստատութիւնը ունի 37 տարուան կեանք, մեծ հռչակի հասած է՝ շնորհիւ մսաշոթի (լահմաճուն), որ սիրուած ուտեստ դարձած է ո՛չ միայն Մերձաւոր Արեւելքէն ԱՄՆ հաստատուածներուն, այլեւ բնիկ՝ ամերիկացիներուն համար։ Երէցեան կ՚ըսէ. «Ես ծնած եմ 1940 թուականին, Սասունի մէջ։ Երկու տարեկան հասակիս կորսնցուցած եմ մայրս հիւանդութեան պատճառով։ Երբ հինգ տարեկան էի, հայրս զիս եւ քոյրս փոխադրեց Սուրիա։ Մենք կը բնակէինք փոքր գիւղի մը մէջ եւ ապրելու համար գումար չունէինք: Ես աշխատեցայ արհեստի զանազան բնագաւառներէ ներս, որպէսզի մեր ապրուստը հոգամ։ Ձմրան, աշխատանքի շատ տարբերակներ չմնացին, ուստի որոշեցի աշխատիլ մեր գիւղի փուռին մէջ։ Կ՚աշխատէի օրական տասներկու ժամ եւ այդպիսով ձեռք բերի փորձառութիւն եւ հմտութիւն: Այդ իմ առաջին փորձս էր խմորեղէններու աշխարհին մէջ, երբ դեռ 18 տարեկան էի: Դժուար օրեր էին ու ես ստիպուած էի օրն ի բուն աշխատիլ՝ հոգալու համար մեր ընտանիքի ծախսերը»։

Ան շարունակելով իր պատմութիւնը Սուրիոյ մէջ՝ կը յայտնէ. «1958 թուականին կրցայ բանալ իմ առաջին սեփական հացատունը Սուրիոյ մէջ։ Բայց 1968-ին, դժուար պայմաններու պատճառով, ընտանիքով տեղափոխուեցանք Պէյրութ, Լիբանան: Այնտեղ ալ անմիջապէս բացի հացի փուռ մը։ 1980-ին արդէն ունեցայ հացատունի իմ երկրորդ մասնաճիւղը։ 1985-ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով որոշեցի ձգել ամէն ինչ ու գաղթել ԱՄՆ: Հացատունի խանութներս թողեցի քրոջս ու 1986-ին Հոլիուուտի մէջ, Լոս Անճելըս, կրկին բացի իմ առաջին հացատունը: Այսօր մենք ունինք հինգ մասնաճիւղ Լոս Անճելըսի մէջ: 1985-ին Հոլիուուտ ունէր հայկական մեծ համայնք, կային բազմաթիւ հայկական դպրոցներ եւ եկեղեցիներ, մենք ուզեցինք մօտ ըլլալ մեր համայնքին: Մեր առաջին խանութը, ուր գործի սկսանք, նախապէս «փիցցա»ի խանութ եղած էր, հետեւաբար այնքան ալ պատրաստութիւններու կարիք չունէր: Շրջանին մէջ մեզմէ առաջ քանի մը ձեռնարկատիրութիւններ փորձած էին ճաշարան-փուռ հիմնել, սակայն ձախողած էին։ Բայց ես կը հաւատայի, որ ճիշդ տեղը ընտրած եմ, փորձեցինք մեր բախտը եւ իրապէս ամէն ինչ շատ լաւ ընթացաւ»:

Խօսելով իր պատրաստած ուտելիքներուն ու յատկապէս «լահմաճուն»ի առանձնայատկութիւններուն մասին՝ Դաւիթ Երէցեան կը պատմէ հետեւեալը. «Լահմաճուն»ը ճաշատեսակ մըն է, որ կը պատրաստուի մեզի ծանօթ եւ մեր կողմէ սիրուած հիմնական բաղադրիչներէ եւ մենք զայն կը պատրաստենք մեծ խնամքով եւ սիրով: Ես կը սիրեմ տեսնել մեր յաճախորդներուն ժպիտը, երբ անոնք առաջին անգամ կը փորձեն մեր թարմ «լահմաճուն»ը եւ առաջին պատառէն իսկ կ՚ըմբոշխնեն անոր համը»։

Դաւիթ Երէցեան կը պատմէ նաեւ, թէ «լահմաճուն» պատրաստելու ժամանակ որոշ յուշեր կ՚արթննան իր մէջ: «Լահմաճուն»ը պատրաստած ատեն յաճախ կ՚երթամ մեր այն առաջին օրերը, երբ ԱՄՆ հաստատուած էինք, պայմանները շատ դժուար էին եւ իմ ընտանիքի ապագան անորոշ էր: Կինս, չորս դուստրերս եւ ես եկած էինք Ամերիկա՝ փնտռելով աւելի ապահով կեանք եւ տեսնելով, որ մեր գործը կը բարգաւաճէր, կ՚ուրախանայինք: Կնոջս խօսքերը միշտ ականջներուս մէջ են, երբ ան կ՚ըսէր. «Ես քու կողքին եմ այնքան ժամանակ, որ դուն ինծի պէտք ունիս եւ մենք միասին պիտի յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն»: Ես միշտ սիրած եմ իմ ասպարէզը եւ կը հաւատամ, որ ոեւէ մէկու համար յաջողութեան հիմնական գրաւականը սիրելով գործ մը ընելն է», կ՚ըսէ Երէցեան։

Դաւիթ Երէցեանի կարծիքով՝ իր պատրաստած «լահմաճուն»ը կը համախմբէ համայնքի անդամները։ Ան «լահմաճուն»ը կը պատրաստէ աւանդական ընտանեկան բաղադրատոմսով, որ տարիներէ ի վեր կը վայելէ յաճախորդներուն գնահատանքը: «Համայնքի անդամները զանազան առիթներով կը պատուիրեն մեր «լահմաճուն»ը: Եւ փոխադարձաբար՝ «Սասուն»ն ալ բոլոր յաճախորդները միշտ կը համարէ իր ընտանիքի անդամները: Մենք միշտ պատրաստ ենք լաւագոյնը տալու եւ սպասարկելու մեր հաւատարիմ յաճախորդներուն», կ՚եզրափակէ Երէցեան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2022