«ԶԱՀՐԱՏ 100» ԵՒ ԱՒԵԼԻՆ
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի մէջ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած է մեծանուն բանաստեղծ Զահրատի ծննդեան 100-ամեակին։ Յոբելենական այս շրջանին Երեւանի մէջ կեանքի կոչուած ձեռնարկը կու գայ նորովի արժեւորել անմահ բանաստեղծի անգին ժառանգութիւնը։ «Զահրատ 100» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Ֆակ-տում» փաստագրական կեդրոնին կողմէ։ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ «Ակտուալ արուեստ» մշակութային միութեան խրախուսանքով կազմակերպուած է ցուցահանդէսը։ «Ֆակտում» փաստագրական կեդրոնի հիմնադիր-տնօրէն Տիգրան Պասկեւիչեան, որ հայկական մտաւորական աշխարհի վառ ներկայացուցիչներէն մին է, այս ցուցահանդէսը կազմակերպած է մեծ բծախնդրութեամբ եւ արդիւնքը այնպէս մը ստացուած է, որ «Կիկոյի հետ առաջ ու յետ»ը գրասէրները կ՚առաջնորդէ բազմաշերտ ստեղծագործական աւանդ մը բացայայտելու։
Այս նախաձեռնութեան համար համագործակցութիւն ցուցաբերած են Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը, «Հայ Արտ» կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Պոլիսէն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, գծանկարիչ Յովհաննէս Շաշկալ եւ մտաւորական Արտաշէս Մարկոսեան, որ խմբագրած ու կազմած է Զահրատի ժողովածուն։ Ցուցահանդէսի ընթացքին մատուցուած գծանկարներու հեղինակն է Լեւոն Կիւլխասեան։
Երէկ երեկոյեան ժամերուն կազմակերպուած ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը մէկտեղեց բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։ Երեւանի սրտին վրայ մշակութասէրներու ժամադրութիւն մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Զահրատ ոգեկոչուեցաւ եւ բոլորը զանազան դիտանկիւններէ հերթական անգամ գնահատեցին անոր ստեղծագործական ծով վաստակին նշանակութիւնը։ Բացի Տիգրան Պասկեւիչեանէն, ելոյթներով հանդէս եկան բանաստեղծուհի Գոհար Գալստեան եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Երեւանի մէջ։ Հարկ է նշել, որ Գոհար Գալստեան, որ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի անձնակազմին մաս կը կազմէ, ծաւալուն ձեւով մասնագիտական խորհրդածութիւն մը ըրաւ Զահրատի արուեստին շուրջ։ Իր կարգին, Արա Գօչունեանն ալ անդրադարձաւ Զահրատի՝ որպէս հեղինակ, ձգողականութեան, ինչ որ մեծ նշանակութիւն ունի արդի ժամանակներուն, երբ մարդկութիւնը հետզհետէ գրական մշակոյթէ կը հեռանայ։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ դեկտեմբերի 13-ը։