ՍԻՆԻՐԼԻՕՂԼՈՒԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆ

Թուրքիոյ յառաջատար դիւանագէտներէն Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուին վստահուեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը։

Մալթայի տանտիրութեամբ, վերջին օրերուն Վալեթայի մէջ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն 31-րդ հաւաքը։ Նախարարաց խորհուրդը այս փուլին պաշտօնի կոչեց կազմակերպութեան նոր ղեկավարը, որուն գլուխը կը գտնուի Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու՝ որպէս ընդհանուր քարտուղար։ Իր այս առաքելութեան կոչուելուն մէջ առանցքային դեր խաղացած է այն հանգամանքը, թէ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի կողմէ հասարակաց թեկնածու ցոյց տրուած է։ Ըստ Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ գոյացած պայմանաւորուածութեան՝ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան իրաւական խորհրդականներէն Մարիա Թելալեանն ալ յառաջիկայ շրջանին պիտի գլխաւորէ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւանց գրասենեակը։

Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի ընտրութենէն վերջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ ԵԱՀԿ կը համախմբէ տարբեր աշխարհագրութիւններէ եւ զանազան ռազմավարական շահերով 57 երկիր եւ այս հարթակին վրայ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու պաշտօնի կոչուած է միաձայնութեամբ, ինչ որ դրսեւրումն է Թուրքիոյ հեղինակութեան, իր վարած արտաքին քաղաքականութեան ու համաշխարհային տագնապներու լուծման ուղղութեամբ որդեգրած աշխոյժ ընթացքին նկատմամբ միջազգային հաւանութեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2024