ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Մինչ Սուրիոյ մէջ բուռն իրադարձութիւնները կը շարունակուին, Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան առանցքին վրայ ալ շփումները կը խտանան։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր Տոհայի մէջ կը մէկտեղուի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Աստանայի եռեակի ձեւաչափին մէջ տեղի կ՚ունենայ այս հանդիպումը, որու ընդառաջ դաշտի վրայ առանցքային նշանակութեամբ իրադարձութիւններ տեղի ունեցան։
Երէկ, Սուրիոյ Համա քաղաքը արդէն անցաւ երկրի ընդդիմադիր ուժերու զինեալներու հակակշռին տակ։ Քանի մը օր առաջ Հալէպը վերահսկուած էր «Հէյէթ Թահրիր Շամ» խմբաւորման կողմէ, իսկ երէկ Սուրիոյ բանակը արդէն հաստատեց, որ կորսնցուցած է Համայի վերահսկողութիւնը։ Այս քաղաքը ռազմավարական դիրք մը ունի, որովհետեւ առանցքային կը համարուի մայրաքաղաք Դամասկոսի պաշտպանութեան՝ մանաւանդ ծովու հետ կապին տեսակէտէ։
Քաթարի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Տոհայի 22-րդ ֆորումի շրջանակներէն ներս տեղի կ՚ունենայ Հաքան Ֆիտանի, Սերկէյ Լաւրովի եւ Ապպաս Արաղչիի հանդիպումը։ Անգարա, Մոսկուա եւ Թեհրան Սուրիոյ տագնապի սկիզբէն ի վեր յառաջատար դերակատարութիւն ունին՝ որպէս տարածաշրջանի ազդու ուժերը։ Թրքական կողմը այս փուլին կ՚ակնկալէ Սուրիոյ ահաբեկչութենէ մաքրագործումը, երկրի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը, լարուածութեան աճի կանխարգիլումը, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ ընդդիմադիրներու միջեւ եզրայանգման մը ապահովումը։