ԿՈՒՍԱԿԱԼԷՆ ՅԱՏՈՒԿ ՀՐԱՀԱՆԳ. «ՈՉ ՈՔ ԴՈՒՐՍԸ ՄՆԱՅ»

Խստաշունչ ձմեռը այս օրերուն կը տիրէ Իսթանպուլի մէջ։ Ամէն տարի, երբ եղանակը կը խստանայ, արդէն աշխատանքներ կը տարուին զօրակցելու համար անօթեւաններուն։ Այս տարի համապատասխան աշխատանքները առանձին թափով յառաջ կը տարուին՝ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի հրահանգով։ Նահանգապետարանը նախաձեռնած է՝ «Օդը ցուրտ է, ոչ ոք դուրսը մնայ, հիւրընկալենք» կարգախօսով աշխատանքին։ Քաղաքիս բոլոր գաւառապետութիւնները մասնակցութիւն կը բերեն այս աշխատանքին։ Հաղորդակցութեան զանազան միջոցներ շարժման անցուած են անօթեւաններուն զօրակցելու համար։ Կուսակալութեան այս նախաձեռնութեան կ՚աջակցին նաեւ Գաւառապետութիւններու ընկերային օժանդակութեան վաքըֆները, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութիւնը եւ յարակից քաղաքապետարանները։ Բոլոր մարմինները մեծ զգայնութեամբ յառաջ կը տանին համապատասխան աշխատանքները։

Նահանգապետարանը Իսթանպուլի երեսունինն գաւառակներու վարչական կեդրոններու հեռաձայնի թիւերը հրապարակած է՝ որպէսզի անօթեւանները կարենան դիւրութեամբ օգտուիլ այս ծառայութենէն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 8, 2020