ՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի յարաբերութիւններու առկայ լարուածութիւնը կը շարունակուի՝ խոր մտահոգութիւն պատճառելով միջազգային հանրութեան։ ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի բարձրաստիճան հրամանատարներէն Քասըմ Սիւլէյմանիի սպաննուելէն վերջ աննախընթաց վիճակ մը ստեղծուած է տարածքաշրջանէն ներս։ Իրան այս առաւօտ թիրախաւորեց Իրաքի տարածքէն ներս գտնուող ամերիկեան ռազմական խարիսխները։ 15 պալիստիք հրթիռներ արձակուեցան ամերիկեան ռազմախարիսխներուն վրայ։ Կը հաղորդուի, որ ամերիկեան օդանաւեր այրած են այս հարուածներէն վերջ։

Թեհրանի ղեկավարութիւնը այս գործողութիւնները որակած է համաչափ պատասխան մը Միացեալ Նահանգներու դէմ՝ ըստ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածի։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ շեշտեց, որ հարուածը հասցուած է այն ռազմակայանին, ուրկէ յարձակման ենթարկուած էր Քասըմ Սիւլէյմանի։ Ճեւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Իրան պատերազմի չի ձգտիր, սակայն կը պաշտպանուի ամէն տեսակ բռնութեան դէմ։

Կ՚ակնկալուի, որ այսօր Իրանի հրթիռային հարուածներուն կապակցութեամբ յայտարարութիւններով հանդէս գայ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ։ Սպիտակ տան բանբերը տեղեկացուց, որ նախագահը տեղեակ պահուած է ԱՄՆ-ի ռազմախարիսխներուն վրայ կատարուած յարձակումներէն։ Մինչ այդ, Թեհրանի ղեկավարութիւնը ԱՄՆ-ի բանակը հռչակած է ահաբեկիչ եւ անոր մեղսակից կը համարէ նաեւ Իսրայէլը։

Միւս կողմէ, Անգարայի ղեկավարութիւնը հանդէս կու գայ պաղարիւնութեան կոչով։ Նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ ԱՄՆ-Իրան պատերազմը յաղթող մը պիտի չունենայ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 8, 2020