ՆՈՐ ՏԵՍԱՀՈԼՈՎԱԿ
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ ներկայ տարեմուտին իր ունկնդիրներուն կը ներկայանայ նորութիւններով։ Այսպէս, արդէն համացանցի վրայ է Սիպիլի եւ աւստրալահայ դաշնակահար Արայի առաջին համատեղ տեսահոլովակը։ Սա յայտնի «Անասթասիա» մուլթիֆիլմի ամենասիրուած ստեղծագործութեան՝ «Once upon a December»ի cover տարբերակն է։ Այս տեսահոլովակը արդէն առաջին իսկ պահէն սկսեալ դիտողներու համակրանքին արժանացած է։ Երաժշտասէրները զայն կ՚որակեն՝ յուզիչ, հեքիաթային եւ կախարդական։
Սիպիլի եւ Արայի համագործակցութիւնը ունի շուրջ երկու տարուան նախընթաց մը, սակայն անոնք միայն անցեալ ամիս յաջողեցան նոյնաժամանակ Հայաստանի մէջ գտնուիլ։ Այս կապակցութեամբ Սիպիլ կ՚ըսէ. «Նախ ստացայ տեսաուղերձ մը, ուր Արան կը նուագէր «Once upon a December»ը, ապա եկաւ երկտող մը, ուր գրուած էր. «Սիպիլ, այս դեկտեմբերին կ՚երգե՞ս ինծի հետ»։ Ունէինք միայն տասն օր՝ թէ՛ ձայնագրութեան եւ թէ նկարահանման համար»։
Այնուհետեւ համագործակցութեան միացաւ նաեւ «The Beautified project»ի թաւջութակահար Ալեքս Միրզոյեան, որ արդէն նախապէս ալ մասնակցութիւն բերած էր Սիպիլի շարք մը ստեղծագործութիւններուն։
Երգարուեստի մէջ Սիպիլի ունեցած ձեռքբերումները բազմաթիւ են. օրինակ՝ «Կախարդական ձայն» (2012 թուական), «Հայ երգի դեսպան» (2012 թուական), «Սփիւռքի լաւագոյն երգչուհի» (2014 թուական), «Ծիծեռնակ» (2017 թուական՝ սփիւռքի հայապահպանութեան եւ հայ երգի լաւագոյնս տարածման համար)։ Սիպիլ արժանացած է նաեւ շարք մը շքանշաններու։ Ան համերգներով շրջագայած է Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու, Եւրոպայի եւ այլ շարք մը երկիրներու մէջ։ Շուրջ ամիսէ մը ի վեր կը ներկայացնէ «Sibil la Reine» հայկական զարդերու եւ հագուստներու պարագաներու ապրանքանիշը։
Աւստրալահայ դաշնակահար ու երգահան Արան եւս ունի բնատուր տաղանդ։ Չունենալով երաժշտական կրթութիւն եւ չընթերցելով ձայնագրութիւններ՝ ան կը ստեղծագործէ բացառապէս լսողութեամբ եւ կրկնակի դափնեկիրն է Մելպուռնի համերգասրահի «Լաւագոյն խմբավար» մրցանակի։ Մարզական պարերու ոլորտին մէջ ծաւալած է բեղուն աշխատանք։ «Dance Sport» միջազգային դաշնակցութեան կողմէ երկու անգամ արժանացած է մարզական պարերու Աւստրալիոյ ախոյեանի կրկնակի եւ նահանգային եռակի ախոյեանի կոչումներուն։ Մարզական պարերու ուղղութեամբ Արայի ոդիսականը սկսած է ABC-ի հաղորդաշարին բերած մասնակցութեամբ։ Արան «Փեթրոֆ» չեխական դաշնամուրներու ապրանքանիշի դեսպանն է եւ «Թադէոսեան Լոնտոն» յայտնի ապրանքանիշի դէմքը։
Այս երկու յայտնի արուեստագէտներու համագործակցութեան արդիւնքը վստահաբար հաճելի պիտի դառնայ երաժշտասէրներուն համար։