ԱՀԱՒՈՐ ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Շա­բա­թա­վեր­ջին մեր հա­մայն­քը ցնցուե­ցաւ սահմռ­կե­ցու­ցիչ սպան­ու­թեան լու­րով մը։ Այս­պէս, մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի սի­րուած ու յար­գուած ոս­կե­րիչ ար­հես­տա­ւոր­նե­րէն 87-ա­մեայ Յա­կոբ Տե­միր­ճի զոհ գնաց անն­կա­րագ­րե­լի ոճ­րա­գոր­ծու­թեան մը։ Նոյն դէպ­քին հե­տե­ւան­քով իր 79-ա­մեայ կո­ղա­կի­ցը՝ Սե­դա Այ­տա Տե­միր­ճին ալ առ­նուե­ցաւ դար­ման­ման տակ։

Դէպ­քը ապ­րուե­ցաւ Էլ­մա­տա­ղի մէջ։ Տե­միր­ճի ա­մո­լի «Ճում­հու­րի­յէթ» պո­ղո­տա­յի վրայ գտնուող բնա­կա­րա­նը ներ­խու­ժեց ե­րեք հո­գի։ Ոճ­րա­գործ­նե­րը ա­հա­ւոր վայ­րա­գու­թիւ­նով մը կա­պե­լով եւ բե­րան­նե­րը փա­կե­լով չէ­զո­քա­ցու­ցին տա­րեց Տե­միր­ճի­նե­րը։ Ա­ւե­լի վերջ ա­նոնք կո­ղոպ­տե­ցին բնա­կա­րա­նի արկ­ղը, ուր­կէ գող­ցան կան­խիկ դրամ եւ գո­հա­րե­ղէն­ներ։ Երբ բնա­կա­րա­նի սպա­սու­հին ա­ւե­լի ուշ հա­սաւ Տե­միր­ճի ըն­տա­նի­քի տու­նը եւ դու­ռը չբա­ցուե­ցաւ, ար­դէն լուր տրուե­ցաւ ոս­տի­կա­նու­թեան։ Անվ­տան­գու­թեան պաշ­տօ­նեա­նե­րու հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ հրշէջ գուն­դի շար­ժուն սան­դու­խը բարձ­րա­ցուե­ցաւ Տե­միր­ճի­նե­րու եր­րորդ յար­կի բնա­կա­րա­նը։ Ար­դիւն­քին պար­զուե­ցաւ տմար­դի դէպ­քին ծանր հե­տե­ւան­քը։ Մար­դաս­պան-գո­ղե­րը ի­րենց ե­տին թո­ղած էին Յա­կոբ Տե­միր­ճիի ան­շունչ մար­մի­նը։ Ան դժբախ­տա­բար տեղ­ւոյն վրայ մա­հա­ցած էր մնա­լով շնչա­հեղձ։ Հրշէջ գուն­դի ան­դամ­նե­րը նկա­տե­ցին, որ իր կո­ղա­կի­ցը՝ Սե­դա Այ­տա Տե­միր­ճի տա­կա­ւին կեն­դա­նի էր։ Ան վի­րա­ւո­րուած էր ծան­րօ­րէն եւ հա­րուա­ծի հետ­քեր կը կրէր դէմ­քին վրայ։ Շտա­պօգ­նու­թեան ինք­նա­շար­ժով Սե­դա Այ­տա Տե­միր­ճի ան­մի­ջա­պէս փո­խադ­րուե­ցաւ հի­ւան­դա­նոց եւ առ­նուե­ցած դար­ման­ման տակ։

Բնա­կա­րա­նէն ներս կա­տա­րուած քննու­թե­նէն վերջ Յա­կոբ Տե­միր­ճիի ան­շունչ մար­մի­նը Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան դա­տա­խա­զի կար­գադ­րու­թեամբ ու­ղար­կուե­ցաւ դա­տաբժշ­կա­կան քննու­թեան։

Այս ան­հա­ւա­տա­լի սպա­նու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին խոր ցաւ յա­ռա­ջա­ցուց հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս, նաեւ լայն ար­ձա­գանգ գտաւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։

Նո­րոգ հան­գու­ցեալ Յա­կոբ Տե­միր­ճիի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան վայրն ու թուա­կա­նը այ­սօր հրա­պա­րա­կուած է ըն­տա­նե­կան մա­հազ­դով։

Այս տխուր առ­թիւ երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք հան­գու­ցեալ Յա­կոբ Տե­միր­ճիին ու կը ցա­ւակ­ցինք իր պա­րա­գա­նե­րուն։ Ա­ռող­ջու­թիւն եւ ա­րագ ա­պա­քի­նում կը մաղ­թենք Սե­դա Այ­տա Տե­միր­ճիին։   

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016