ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ
Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որով ծանօթացուեցաւ թուրք-հայ մշակութային համագործակցութեան հետամուտ ծրագիր մը։ Մարմարիս Ֆիլհարմոնիի միութեան նախաձեռնութեամբ մշակուած նախագիծ մըն է այս մէկը, որ կը ձգտի բարեկամութեան շարժում մը ստեղծել։ Ներկայ տարուան ընթացքին կը նախատեսու համերգներու շարք մը կազմակերպել Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ։
Շաբաթ օրուան մամլոյ ասուլիսը սարքեցին Մարմարիսի Ֆիլհարմոնիի միութեան վարչութեան նախագահ Ահմէտ Եաշար Ալթընէօզ, ծրագրի համակարգող Հիւսէյին Մուրատ Կիւրոլ, խմբավար Նուարդ Անդրէասեան եւ «Անատոլու Քիւլթիւր»ի նախագահ Օսման Քավալա։ Հարկ է նշել, որ այս նախագիծը կը վայելէ Վարչապետարանի եւ Մշակոյթի նախարարութեան զօրակցութիւնը։ Խնդրոյ առարկայ ծրագիրը պաշտօնապէս պիտի սկսի Փետրուարի 22-ին եւ կեանքի պիտի կոչուի տարուան մը ընթացքին։ «Քամերաթա Սայկուն» եւ «Մարմարիս» սենեկային նուագախումբերուն մասնակցութեամբ պիտի իրականացուին համերգները։ «Քամերաթա Սայկուն» նուագախումբը կը բաղկանայ 25 հոգիէ եւ անդամներու շարքին կը գտնուին Պետական երաժշտանոցի դասախօսներ ու մենակատարի մակարդակով շրջանաւարտներ։ «Մարմարիս» նուագախումբն ալ բազում ելոյթներ ունեցած է արտասահմանի մէջ եւ այդ փորձառութիւնով կը միանայ այս ծրագրին։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ընդգծուեցաւ, թէ 1915-էն հարիւր տարի անց անցեալ տարի կազմակերպուած ոգեկոչումներէն վերջ նախաձեռնարկները կը ձգտին երաժշտութեան ճանապարհով փոխանցել բարեկամութեան եւ համագործակցութեան պատգամ մը՝ ապրուած ցաւերու յաղթահարման նպատակով։ Արդարեւ, երաժշտութիւնը հասարակաց արժէք մըն է թուրք եւ հայ հաւաքականութիւններուն տեսակէտէ, որոնք երկար դարերու համակեցութիւն մը ունին։ Հասարակաց մշակոյթի եւ գեղարուեստի համաշխարհային հանրային կարծիքին ներկայացուիլը եւ այս բնագաւառէն ներս սերտ համագործակցութիւնը պիտի կանխեն ապագայի ուղղեալ թշնամական զգացումներն ու թիւրիմացութիւնները եւ այսպէսով երկու ազգերուն առջեւ պիտի հարթեն ճանապարհը դէպի խաղաղութիւն։ Ծրագրին նախաձեռնարկները կը նախատեսեն գեղարուեստական ու մշակութային գործունէութիւններ, ու մանաւանդ համերգներ կազմակերպել աշխարհի այն շրջաններուն կամ քաղաքներուն մէջ, ուր խտացեալ ձեւով կը բնակին հայերը կամ թուրքերը։ Կը ծրագրուին այս ձեռնարկներուն ներգրաւել պատկան երկիրներու խորհրդարանականները, հասարակական գործիչները, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները, գրողները, պատմաբանները եւ ընդհանրապէս թուրք եւ հայ ժողովուրդները։ Համերգներու ընթացքին խմբավարի պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնեն Նուարդ Անդրէասեան կամ Նեզիհ Սեչքին։ Ծանօթ է, որ Նուարդ Անդրէասեան անցեալի մէջ վարած էր նաեւ Թուրքիա-Հայաստան երիտասարդաց նուագախումբը։ Ներկայ ծրագրին շրջագծով կը նախատեսուի հայ յօրինողի մը գործերէն մէկուն թուրք մենակատարի մը կողմէ մեկնաբանուիլը եւ փոխադարձաբար։ Անատոլուի զանազան քաղաքներուն մէջ նախատեսուած համերգները ինքնաբերաբար առիթ պիտի հանդիսանան նաեւ այդ քաղաքներէն ներս ապրուած հասարակաց անցեալը։ Արտասահմանի համերգներով կ՚ենթադրուի նպաստել թուրք եւ հայ հաւաքականութիւններու միջեւ երկխօսութեան ու փոխադարձ հասկացութեան։ Գեղարուեստի ճանապարհով բարեկամութեան եւ երկկողմանի դրական յարաբերութիւններու վերակենդանացման ուղղեալ այս նախաձեռնութիւնը միեւնոյն ժամանակ կը ձգտի երաժշտութեան ճանապարհով հասնելու առողջութեան՝ պայքարելով ցեղապաշտութեան եւ մոլեռանդութիւններու դէմ։ Համերգներու ժամանակացոյցը թէեւ վերջնականօրէն չէ ճշդուած, սակայն այս պահուն յայտնի է, որ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Պելժիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի պիտի ունենան համերգներ։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին բացատրութիւններ տրուեցան նաեւ նախատեսուած երգացանկին շուրջ։ Հայ եւ թուրք արուեստագէտներու յօրինումները պիտի ընդգրկուին համերգներու յայտագրին մէջ եւ անոնց շարքին ամենախորհրդանշականը պիտի ըլլայ Կոմիտաս։ Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն երկու քանոնահարներ՝ Ռուհի Այանկիլ եւ Անահիտ Վալեսեան եւս մասնակցութիւն պիտի բերեն այս ծրագրին։
Կազմակերպիչները կը մատնանշեն, թէ անցեալէն ժառանգուած ցաւերը առանց մոռացութեան մատնելու զանոնք խաղաղութեան ու սիրոյ վերածելու հաւատքով ու նպատակով այս ճանապարհորդութեան կը ձեռնարկեն սոյն ծրագրով, որով շուրջ տասնհինգ ամսուան ժամանակաշրջանի մը մէջ տեղի պիտի ունենայ տասնհինգ համերգ։ Հրաւէր մը ստանալու պարագային կազմակերպիչները պատրաստակամ են նաեւ համերգ մըն ալ իրականացնել Հայաստանի մէջ։
Միւս կողմէ, Մարմարիսի Ֆիլհարմոնիի միութեան ներկայացուցիչները այս ծրագրին կապակցութեամբ այցելեցին նաեւ Պատրիարքարան։ Այս առթիւ շաբաթավերջին անոնք հիւրընկալուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Հիւրերը մանրամասնութիւններ փոխանցեցին մշակուած ծրագրին կապակցութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան կապակցութեամբ ու գնահատեց դրական ոգիով մշակուած այս ծրագրին նախաձեռնարկները։ Ան մաղթեց, որ նախագիծը պսակուի յաջողութեամբ ու ծառայէ իր նպատակին՝ հայ եւ թուրք հասարակութիւններու մերձեցման ճանապարհին վրայ։ Հիւրերը Նորին Սրբազնութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար ու գոհունակ տպաւորութեամբ հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն՝ ստացած ըլլալով խրախուսական պատգամներ։