ՄԱՐԿՈԹ ՎԱԼՇԹՐԷՕՄ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ՝ Շուէ­տի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մար­կոթ Վալշթ­րէօմ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի եւ Շուէ­տի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը կը վա­րեն բազ­մա­կող­մա­նի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ ու կը սար­քեն հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Շուէ­տա­ցի նա­խա­րա­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ կը հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ, ըն­դու­նուե­լով նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Հիւր նա­խա­րա­րը կ՚այ­ցե­լէ նաեւ Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ, ուր ծաղ­կեպ­սակ մը կը զե­տե­ղէ յու­շար­ձա­նին մօտ եւ շրջայց մը կը կա­տա­րէ տեղ­ւոյն թան­գա­րա­նէն ներս։ Մար­կոթ Վալշթ­րէօմ Ե­րե­ւա­նի մէջ կ՚այ­ցե­լէ նաեւ «Թու­մօ» ստեղ­ծա­րար փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նը։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016