ՄԵՐՔԷԼ ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ Ան­գա­րա­յի մէջ ան կը տե­սակ­ցի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հետ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ կու գան գաղ­թա­կան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը։ Վեր­ջին չորս ամ­սուան ըն­թաց­քին Տա­վու­տօղ­լու եւ Մեր­քէլ ար­դէն հին­գե­րորդ ան­գամ կը տե­սակ­ցին այս հրա­տապ հար­ցին շուրջ։ Մեր­քէլ երկ­րորդ ան­գամ կ՚այ­ցե­լէ Թուր­քիա եւ շփում­նե­րու այս խտու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, որ եր­կու եր­կիր­նե­րը սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ կը գտնուին այս խնդրին ա­ռըն­չու­թեամբ։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016