ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԷՆ ՎԱՏ ԼՈՒՐԵ
Անվտանգութեան ուժերը Տիարպաքըրի մէջ կը շարունակեն լայնածաւալ գործողութիւնները ու ծանր հարուածներ կը հասցնեն ահաբեկիչներուն։ Այդ գործողութիւնները մասնաւորապէս կեդրոնացած են Սուրի շրջանին վրայ։ Ծանօթ է, որ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին ալ կը գտնուի նոյն շրջանին մէջ։ Վերջին քանի մը օրերուն տեղական մամուլը կը հաղորդէ, որ ՓՔՔ լուրջ վնաս կը հասցնէ շրջանի սրբավայրերուն, ներառեալ եկեղեցիները։ Այս շրջագծով Ս. Կիրակոս եկեղեցին ալ կրած է լուրջ վնաս, ինչ որ կը ցոլանայ տեղական մամուլին մօտ լոյս տեսած զանազան լուսանկարներուն մէջ։
Դժբախտաբար տակաւին նոր վերանորոգուած Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ պարագային կ՚արդարանան յոռետես վարկածները։