«Յետվիրաբուժութեան Խնամք»
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յետվիրաբուժութեան խնամք» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց հիւանդապահ Վիքի Հերկելեան:
Առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ Սիրուն Վարդապետեան բացատրեց, որ առողջութիւնը իւրաքանչիւրիս պիտի ընկերանայ մինչեւ մահ: Ան դիտել տուաւ, որ առողջութիւնը կրնայ խախտիլ, վատթարանալ, ուստի պէտք է դիմել երկու գլխաւոր ուղղութեան՝ դեղօրայքի օգտագործում կամ վիրաբուժական գործողութիւն:
Առաջինին պարագային, դեղերուն կանոնաւորութեամբ ու հերթականութեամբ հետեւելով կարելի է բարելաւել առողջութիւնը: Երկրորդին պարագային, վիրահատութեան ընթացքին եւ անկէ ետք խնամքի բաժինով, որուն կը վերաբերի օրուան դասախօսութիւնը:
Հիւանդապահ Վիքի Հերկելեան դասախօսութեան սկսաւ՝ բացատրելով, որ բոլորս ալ վիրահատութեան ենթարկուած ենք եւ առաւել կամ նուազ չափով ծանօթ ենք ընթացքին ու մանրամասնութիւններուն՝ աւելցնելով, որ անիկա ունի իր պատրաստութեան բաժինը, վիրահատական ընթացքն ու անոր յաջորդող խնամքը:
Ան բացատրեց վիրաբուժական գործողութեան պատրաստութեան ընթացքին մասին, ուր բժիշկը կը յանձնարարէ կատարել զանազան ախտաճանաչման քննութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են նախքան վիրաբուժութեան հանգրուանները: Հիւանդը նաեւ կը հանդիպի բժիշկին, որ անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները կ՚առնէ եւ հիւանդը կը պատրաստէ վիրաբուժութեան փուլերուն: Այս բաժինով դասախօսը յիշեց քաղցկեղի պարագան, երբ անհատը անհրաժեշտ է տեղեակ պահել, պատրաստել, որպէսզի ան ամենայն գիտակցութեամբ գործակցի ու նպաստէ բուժման ընթացքին:
Հիւանդապահը մանրամասնօրէն բացատրեց, թէ գործողութեան ընթացքին ի՛նչ պէտք է ըլլայ խնդրոյ առարկայ անձին գործակցութեան բաժինը, յատկապէս երբ բժիշկը ժամանակաւորապէս դադրեցուցած կ՚ըլլայ դեղօրայքը: Անհատը պէտք է քաջատեղեակ ըլլայ դեղերու գործածութեան ամբողջ ընթացքին մասին: Այս բաժինով Վիքի Հերկելեան մանրամասնօրէն բացատրեց յետվիրաբուժական խնամքի մասին՝ նշելով, որ զգայազրկիչ դեղի ազդեցութիւնը ու անկէ արթննալը կախեալ է օգտագործուած զգայազրկիչ դեղին քանակէն: Այս բաժինի մէջ նաեւ անհրաժեշտ է իրազեկ ըլլալ, թէ անհատը կը տառապի՞ որեւէ գերզգայնութենէ: Այս հանգրուանին նաեւ անհրաժեշտ է հետեւիլ ընդհանուր ցաւերու, սրտխառնուքի, մարմնի զանազան շարժումներուն, ձեռքերու, ոտքերու, ինչպէս նաեւ հոգեբանական ազդակին:
Վիրաբուժութենէ ետք խնամքը կը շարունակուի նաեւ տան մէջ: Այս փուլին անհրաժեշտ է ճշգրտօրէն հետեւիլ բժիշկի թելադրանքներուն, դեղերուն օգտագործումը ըլլայ կանոնաւոր ու հետեւողական: Զգուշութեամբ հետեւիլ որեւէ բարդութեան, որ կրնայ ծագիլ: Յաճախ վիրաբուժութենէ ետք բժիշկը կը յանձնարարէ մարձումի հետեւելու ժամանակամիջոց մը, որպէսզի անհատը վերադառնայ իր բնական կեանքին:
Իբրեւ եզրակացութիւն՝ հիւանդապահուհին թելադրեց.
ա.- Անպայման շարունակաբար հետեւիլ հիւանդին բուժման ընթացքին՝ նուազեցնելու համար բարդութիւններու հաւանականութիւնը վիրաբուժական գործողութենէն ետք,
բ.- Նախքան հիւանդանոցէն մեկնիլը՝ բաւարար տեղեկութիւններ ունենալ խնամքի վերաբերեալ,
գ.- Ինչպէս նաեւ որեւէ հարցի պարագային դիմել բժիշկին:
Աւարտին Վիքի Հերկելեան զանազան բացատրութիւններով ու օրինակներով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: