ԻՐԱՔԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՎՃՌԱԿԱՆ

Ի­րա­քի Վար­չա­պետ Հայ­տար Էլ Ի­պա­տի յայ­տա­րա­րեց, որ Ի­ՇԻՊ («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) լրջօ­րէն ուժ կորսն­ցու­ցած է։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Պաղ­տա­տի մէջ Էլ Ի­պա­տի կա­ռա­վա­րա­կան պա­լա­տէն ներս սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ Մու­սու­լի ա­զա­տագր­ման նպա­տա­կով ձեռ­նար­կուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, Ի­ՇԻՊ մեծ ուժ կորսն­ցու­ցած է։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Մու­սու­լի ա­րեւ­մուտ­քի ա­զա­տագր­ման՝ ան յայտ­նեց, որ յա­ռա­ջի­կայ այդ գոր­ծը ա­ւե­լի դիւ­րին է եւ Ի­րա­քի զօր­քե­րը պատ­րաստ են այդ մէ­կուն։ «Այս փու­լին պի­տի դի­մագ­րա­ւենք դժուա­րու­թիւն­ներ, սա­կայն կը շա­րու­նա­կենք մեր զի­նուո­րա­կան ծրագ­րե­րը ի կա­տար ա­ծե­լու», ը­սաւ Էլ Ի­պա­տի եւ ա­ւել­ցուց, որ Ի­ՇԻՊ-էն ա­զա­տագ­րուած Մու­սու­լի ա­րե­ւե­լեան հա­տուած­նե­րէն ներս սկսած են գոր­ծել պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րը։ Այդ նոյն շրջան­նե­րէն ներս բազ­մա­թիւ ըն­տա­նիք­ներ վե­րա­դար­ձած են ի­րենց տու­նե­րը եւ ծա­ռա­յու­թիւն­ներն ալ սկսած են ա­նոնց հա­մար։

Էլ Ի­պա­տի խօ­սե­ցաւ նաեւ Ի­րա­քի հիւ­սի­սի՝ քրդա­կան ինք­նա­վար շրջա­նի ան­կա­խաց­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թեան շուրջ։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ան ը­սաւ. «Այս նիւ­թը քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով չէ ներ­կա­յա­ցուած մե­զի։ Բնա­կա­նա­բար ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ու­նին ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւունք, սա­կայն այս խնդի­րը տե­սա­կան հար­թու­թեան վրայ է եւ գործ­նա­կան ո­րե­ւէ քայլ չէ առ­նուած։ Մենք կողմ­նա­կից ենք Ի­րա­քի մը, որ բո­լո­րին նկատ­մամբ յար­գանք կը տա­ծէ ու բո­լո­րին հա­մար ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցէ։ Մենք կը ձգտինք զօ­րաց­նել մէկ ու միաս­նա­կան Ի­րա­քը։ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան հետ կը շա­րու­նա­կուի մեր հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քը՝ խնդիր­նե­րու լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ա­ռա­ջին ան­գամ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը եւ զօ­րակ­ցու­թիւն մը ե­ղաւ Փեշ­մեր­կէին ու մեր անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն մի­ջեւ։ Բնա­կա­նա­բար ար­գի­լուած չէ ո­րե­ւէ նիւ­թի քննար­կում, սա­կայն ար­գի­լուած է միա­կող­մա­նի ո­րո­շում առ­նե­լը։ Ի­րաք այ­սօր ա­ւե­լի քան եր­բեք մօտ է վե­րա­միա­ւոր­ման։ Կը փա­փա­քինք պե­տա­կան կա­ռոյ­ցին տալ այն­պի­սի բնոյթ մը, որ ներ­կա­յաց­նէ ու պաշտ­պա­նէ բո­լո­րը»։

 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2017