ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պրիւք­սե­լի մէջ։ Ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Ա­զէ­րի ղե­կա­վա­րը տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Պել­ժիոյ Ֆի­լիփ թա­գա­ւո­րին հետ։ Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թուսք, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ժան Քլոտ Եուն­քէր, Եւ­րո­միու­թեան գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ Պրիւք­սե­լի մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին Իլ­համ Ա­լի­ւեը։ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ Պրիւք­սե­լի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին ըն­կե­րա­ցան Իլ­համ Ա­լիե­ւին։

Կը հա­ղոր­դուի, որ Եւ­րո­միու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան հետ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ Պրիւք­սե­լի մէջ քննար­կուած է նաեւ Եւ­րո­միու­թիւն-Ատր­պէյ­ճան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր հա­մա­ձայ­նագ­րի հար­ցը։ Ա­լիե­ւի այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ ա­ւե­լի քան եօթ տաս­նեակ ի­րա­ւա­պաշտ­պան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ նա­մակ յղե­ցին Եւ­րո­միու­թեան ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն՝ կոչ ուղ­ղե­լով օգ­տա­գոր­ծել այս ա­ռի­թը եւ պա­հան­ջել, որ Պա­քու յստակ ու լայ­նա­ծա­ւալ բա­րե­փո­խում­նե­րու ձեռ­նար­կէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ո­լոր­տէն ներս։ Ի­րա­ւա­պաշտ­պան­նե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս պնդե­ցին, որ տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ըն­դար­ձա­կե­լէ ա­ռաջ Պրիւք­սել պէտք է Պա­քուէն պա­հան­ջէ ան­յա­պաղ եւ ա­ռանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու ա­զատ ար­ձա­կել ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը ու բա­րե­փո­խէ օ­րէնսդ­րու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռե­լով քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ա­նար­գել աշ­խա­տան­քին հա­մար։ Պա­հան­ջուած է նաեւ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ դադ­րե­ցուին յար­ձա­կում­նե­րը ա­զատ լրագ­րող­նե­րուն եւ մա­մու­լին դէմ։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան կող­մե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Ա­լիե­ւի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Տա­նըլտ Թուսք յայ­տա­րա­րեց, որ Եւ­րո­միու­թիւ­նը լիա­կա­տար ա­ջակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­ռա­ջարկ­նե­րուն եւ միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րուն։ «Մենք քննար­կե­ցինք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Կար­գա­վի­ճա­կը ան­կա­յուն է։ Հա­կա­մար­տու­թիւ­նը չու­նի ռազ­մա­կան լու­ծում եւ ու­նի ա­րագ կար­գա­ւոր­ման կա­րիք՝ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քին հա­մա­պա­տաս­խան», ը­սաւ Թուսք ու շեշ­տեց մար­դու ի­րա­ւանց եւ հիմ­նա­րար ա­զա­տու­թիւն­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ «ԵՄ կը հա­ւա­տայ, որ բաց հա­սա­րա­կու­թիւ­նը եր­կա­րա­ժամ­կէտ կա­յու­նու­թեան եւ բար­գա­ւաճ­ման լա­ւա­գոյն ե­րաշ­խա­ւորն է։ Մենք կը յու­սանք, որ յա­ռա­ջի­կա­յին կ՚աշ­խա­տինք այս հար­ցե­րուն շուրջ որ­պէս գոր­ծըն­կեր», ը­սաւ Թուսք։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2017