ՍԹՈՔՀՈԼՄԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Շուէտէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Շուէտի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Քենետ Ֆորշլունտի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան տեսակցեցաւ Սթոքհոլմէն ժամանած հիւրերուն հետ։ Շուէտացի խորհրդարանականները օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցան Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանն ալ տեսակցեցաւ Քենետ Ֆորշլունտի եւ ընկերակիցներուն հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկուստեք շեշտուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Շուէտի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ ընդլայնման գործին մէջ մեծ է երկու երկիրներու խորհրդարաններուն դերակատարութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Եւրոմիութիւն-Հայաստան նոր շրջանակային համաձայնագրին շուրջ ձեռնարկուած բանակցութիւններուն։ Նախարար Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ ձեռնարկուած ջանքերը։ Հիւրերու խնդրանքով ան բացատրեց նաեւ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները։
Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածքաշրջանային կամ միջազգային բնոյթով հրատապ հարցերու շուրջ։