ՓՈՒԹԻՆԻ ԿՈՂՄԷ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին վաւերացուց Թրքական հոսք բնական կազի խողովակաշարի կառուցման ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութիւնը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի կառավարութիւններուն միջեւ գոյացած էր համապատասխան համաձայնութիւնը։ Փութինի վաւերացման վերաբերեալ հրամանագիրը երէկ հրապարակուեցաւ այն համացանցային կայքէջին վրայ, ուր կը ներկայացուին ռուսական պետութեան պաշտօնական փաստաթուղթերը։
Ազգային մեծ ժողովը այս համաձայնութիւնը վաւերացուցած էր անցեալ տարեվերջին։ Ռուսաստանի խորհրդարանի երկու պալատներն ալ ներկայ ամսուան սկիզբին արդէն վաւերացուցած էին համաձայնագիրը։
10 Հոկտեմբեր 2016 թուականին Թուրքիա եւ Ռուսաստան համաձայնութիւն կնքած էին կառուցելու համար կազամուղ երկու խողովակաշարներ, որոնց իւրաքանչիւրին տարողութիւնը պիտի հասնի 15.75 միլիառ խորանարդ մեթրի։ Այդ երկու խողովակաշարներէն մին կազամատակարարում պիտի ապահովէ Թուրքիոյ համար։ Իսկ երկրորդ խողովակաշարը նախատեսուած է դէպի Եւրոպա բնական կազի առաքումներու համար՝ անհրաժեշտ երաշխիքներու ապահովման պարագային։