ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շաբթուան մէջ աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Գերմանիա։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պերլինի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկութիւններ փոխանցեցին այս կապակցութեամբ։ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցութիւն պիտի բերէ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին, որ նախատեսուած է 14-16 փետրուար թուականներուն։ Ան միջոց մը առաջ յայտնած էր, որ այդ համաժողովի օրերուն չի բացառուիր իր հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին մասնակցելէ առաջ Նիկոլ Փաշինեան պիտի այցելէ նաեւ Պերլին։ 13 փետրուարին կը նախատեսուի իր հանդիպումը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Վարչապետները պիտի քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդհանուր ընթացքը եւ տնտեսական համագործակցութիւնը։ Անոնք ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն նաեւ արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ նիւթեր։

Փաշինեանի Գերմանիա այցելութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, Գերմանիա Եւրոմիութեան յառաջատար ուժերէն մին է։

Միւս կողմէ, Փաշինեանի այցելութեան ընդառաջ, երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան Երեւանի պատուիրակութեան ղեկավարին եւ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ։ Այս ձեւաչափով հանդիպումները արդէն կը համարուին աւանդական։ Մնացականեան եւ եւրոպացի դիւանագէտները կանգ առին կլոպալ եւ տարածքաշրջանային զարգացումներուն վրայ ու այդ համատեսքին մէջ կարծիքներ փոխանակեցին առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց դիմագրաւման վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։

Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան համատեսքին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի կիրարկման գործընթացին։

Հայաստանի կառավարութեան զարգացման օրակարգին ի նպաստ ԵՄ-ի աջակցութեան շարունակականութեան խնդիրներն ալ շօշափուեցան երէկուան հանդիպման ժամանակ։ Զօհրապ Մնացականեան Եւրոմիութեան ներկայացուցիչներու նկատառման յանձնեց Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած լայնածաւալ բարեփոխումներու գործընթացը։ Նախարարը շեշտեց, որ այդ բարեփոխումները ուղղուած են ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդման, անկախ դատաիրաւական համակարգի հաստատման եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի։ Տեսակցութեան ընթացքին Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերաբերեալ վերջին զարգացումները։

Շաբաթ, Փետրուար 8, 2020