ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ ՍՆԱՆԿԱՑՄԱՆ ՍԵՄԻՆ

Ֆրանսայի թանգարաններու ղեկավարները ահազանգ կը հնչեցնեն։ Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի աշխարհահռչակ Լուվր թանգարանն ու Վերսայի պալատը քորոնաժահրի համավարակի սահմանափակումներու պատճառով կրնան սնանկանալ։ Այսպէս, Ֆրանսայի թանգարանները, որոնք ամիսներէ ի վեր փակ են քորոնաժահրի համավարակի կանխարգիլման նպատակով սահմանուած արգելափակումներու պատճառով, կը գտնուին սնանկացման շեմին, տեղեկացուցած է Լուվրի եւ գեղարուեստներու ազգային դպրոցի ղեկավար Ֆրետերիք Ժըսէ: «Մեծ կամ փոքր թանգարանները գրեթէ սնանկացման շեմին են: Որոշ թիւեր նշելու համար կրնանք ըսել, որ Լուվրը ամէն ամիս կը կորսնցնէ 10 միլիոն եւրօ, Վերսայի պալատը 70 միլիոն եւրօ կորսնցուց անցեալ տարի», նշած է Ժըսէ: Իսկ անցեալ տարի Լուվր թանգարանի ղեկավարութիւնը յայտնած էր, որ նախորդ տարի թանգարաններ այցելութիւնը նուազած է 70 տոկոսով:

Աւելի առաջ ալ Ֆրանսայի թանգարաններու եւ արուեստի կեդրոններու հարիւր ներկայացուցիչներ կոչով մը դիմած էին երկրի մշակոյթի նախարարին՝ իշխանութիւններուն յորդորելով թոյլատրել թանգարաններուն՝ մասնակի վերսկսիլ իրենց աշխատանքները:

«Մենք կը խնդրենք, որ թանգարանները բաց ըլլան նոյն պայմաններով այնպէս, ինչպէս  խանութները։ Կան թանգարաններ, որոնք օրական ընդամէնը քանի մը այցելու կ՚ընդունին, աւելի քիչ քան հացագործի մը խանութը: Հետեւաբար, կրնանք անոնք բանալ: Բնականաբար, Լուվրի կամ Վերսայի նման մեծ թանգարանները պէտք է գործեն սահմանափակումներով: Բայց անոնք կրնան ամէն ինչ կատարելապէս կազմակերպել, առկայ է առցանց ամրագրման համակարգ», աւելցուցած է Ժըսէ։ Ան զարմանք յայտնած է, թէ ինչո՞ւ բաց են ոչ-պարէնային ապրանքներու խանութները, ուր շարժը աւելի շատ է, իսկ թանգարանները կը մնան փակ:

Համավարակի տարածման սկիզբէն ի վեր Ֆրանսայի մէջ վարակակիրներու ընդհանուր թիւը կազմած է աւելի քան 3.2 միլիոն հոգի, որոնցմէ աւելի քան 77 հազարը մահացած է:

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2021