ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Միջազգային օրակարգը ողողուած է Ուքրայնայի տագնապին վերաբերեալ իրադարձութիւններով։ Երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները լարուած են այս աստիճան։ Բազմաբեւեռ աշխարհի պայմաններուն ներքեւ ՆԱԹՕ-ի ընդլայնումը յայտնուած է տարակարծութիւններու կիզակէտին՝ մինչ իրերու ընդհանուր դրուածքը երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ այսպէս մտահոգիչ դարձած է Եւրոպայի անվտանգութեան տեսակէտէ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ գլխաւորուած Արեւմտեան պլոքը տասնամեակներ անց այսպիսի դիմադրութիւն մը կ՚ապրի Ռուսաստանի հետ, որուն կ՚աջակցին Չինաստանի նման այլ միջազգային ազդու դերակատարներ։ Յոռետես սպասումները եւ մտահոգիչ հեռանկարները խտացած են աննախընթացօրէն։

Ստեղծուած այս ծանր իրավիճակին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը։ Երկու ղեկավարներու Մոսկուայի ժամադրութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ մասամբ մեղմ պատգամներ վերստին տեղ գտնեն միջազգային լրահոսին վրայ։ Ուքրայնայի տագնապի առկայ սաստկացման պայմաններուն ներքեւ Փութինի եւ Մաքրոնի երէկ Քրեմլինի պալատէն ներս տեղի ունեցած բանակցութիւնները տեւեցին շուրջ 5 ժամ։ Ներկայիս Փարիզ մէկ կողմէ անմիջական կապի մէջ է Մոսկուայի հետ, իսկ միւս կողմէ իր դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները սերտօրէն կը համակարգէ Արեւմուտքի յառաջատարներուն՝ մանաւանդ Ուաշինկթընի հետ։ Էմմանիւել Մաքրոն, որ այսօր Մոսկուայէն կ՚անցնի Քիեւ, Փութինի հետ երէկուան հանդիպումէն առաջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Այս վերջինն ալ, իր կարգին, Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը, որ եւս կը պատրաստուի մօտաւոր ապագային ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Մոսկուա եւ Քիեւ՝ յաջորդելով Մաքրոնին։ Յամենայնդէպս, Ուքրայնայի տագնապին շուրջ այս շրջանին Պերլինէն Մոսկուային հասցէագրուած պատգամները շատ աւելի խիստ են Փարիզի բաղդատմամբ։ Փութին-Մաքրոն աւելի քան 5 ժամուան բանակցութիւններէն վերջ շեշտուեցաւ, որ Ռուսաստան եւ Ֆրանսա ընդհանուր մտահոգութիւններ ունին Եւրոպայի անվտանգութեան շուրջ։ Ռուս ղեկավարը նշեց, որ վերջին տասնամեակին Ֆրանսա ամենաաշխոյժ մասնակցութիւնը կ՚ունենայ Եւրոպայի անվտանգութեան խնդիրներու կարգաւորման հարցերուն։ Ան ընդգծեց իր ֆրանսացի պաշտօնակցի ջանքերը, որոնք ուղղուած են Ուքրայնայի տագնապի վերաբերեալ հարցերու կարգաւորման եւ Եւրոպայէ ներս անվտանգութեան հարցերու շուրջ բանակցութիւններու գծով յառաջխաղացման։

Իր կարգին, ֆրանսացի ղեկավարն ալ նշեց, որ Ռուսաստանի հետ երկխօսութիւնը Եւրոպայէ ներս կայունութեան եւ անվտանգութեան հասնելու միջոցն է։ «Մենք լիարժէք ու բաց երկխօսութեան հիմքը դրած ենք 2019 թուականին», ըսաւ Մաքրոն՝ յիշեցնելով Փութինի հետ նախապէս ունեցած զրոյցները։ Ան համոզուած է, թէ ներկայիս երկխօսութիւնը այժմէական է աւելի քան երբեք։ Այդ երկխօսութիւնը նաեւ անհրաժեշտ է, որովհետեւ միայն այդպէսով կարելի է անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ապահովել Եւրոպայէ ներս։ Մաքրոն ընդգծեց, որ ներկայիս Եւրոպայի մէջ տագնապալի կացութիւն ստեղծուած է եւ բոլոր կողմերը պէտք է պատասխանատուութիւն դրսեւորեն։ «Ուրախ եմ, որ կը կարողանամ մանրամասն քննարկել բոլոր հարցերը ու մենք կը կարողանանք սկսիլ հաւաքական պատասխանի որոնումներու, ինչ որ օգտակար պիտի ըլլայ Ռուսաստանի եւ ամբողջ Եւրոպայի համար։ Այդ պատասխանը թոյլ պիտի տայ խուսափիլ պատերազմէ եւ բոլորի համար կառուցել կայունութիւն, թափանցիկութիւն եւ վստահութիւն», նշեց Մաքրոն։

Ըստ միջազգային լրատուամիջոցներուն, Էլիզէի պալատի մերձակայ աղբիւրները երէկ զանազան հաղորդումներ ըրին, թէ Մաքրոն ի՛նչ նպատակներ հետապնդած է Փութինի հետ երէկուան բանակցութիւններուն ժամանակ։ Ան փորձած է իր ռուս պաշտօնակիցը համոզել, որպէսզի Ուքրայնայի սահմանին վրայ կուտակուած Ռուսաստանի զօրքերու թիւը պակսեցուի։ Բաց աստի, խորհուրդ տուած է՝ խուսափիլ անշրջադարձելի քայլերէ։ Այսպէսով Մաքրոն ձգտած է ժամանակ շահիլ տագնապի կարգաւորման ճանապարհին։ Թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ Ռուսաստանի վերլուծաբանները համոզուած են, թէ Մաքրոնի տեսակէտէ մեծ յաջողութիւն մը կ՚ըլլայ, եթէ ան կարողանայ ապահովել նոյնիսկ երեք-չորս ամիսով սառեցնել առկայ տագնապը։ Արեւմտեան լրատուամիջոցներն ալ ընդգծած են, որ Մաքրոն կրնայ Արեւմուտքի կողմէ Փութինի հետ կարեւորագոյն բանակցողը դառնալ։ Նոյնիսկ տեղեկութիւններ կան, թէ երէկուան գագաթաժողովը արդէն նպաստած է յառաջընթաց արձանագրելու՝ իրավիճակի լիցքաթափման ուղղութեամբ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 8, 2022