Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ՆԱԹՕ-Ի ԿՈՂՄԷ ԹՈՒՐՔԻԱՅԻՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին, ըստ էութեան, օրակարգի վրայ եկան Ուքրայնայի տագնապին վերաբերեալ հանգամանքները, Ռուսաստանի զօրքերու կուտակումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ դաշինքը պատրաստ է Մոսկուայի հետ երկխօսութեան։ Սթոլթենպերկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս տագնապի յաղթահարման նպատակով Թուրքիոյ կողմէ ցուցաբերուած ամուր գործնական աջակցութեան համար։
Երեքշաբթի, Փետրուար 8, 2022