ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ՄԱՔՐՈՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ
Փութին-Մաքրոն երէկուան գագաթաժողովին ժամանակ օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ այս երկու երկիրներու ղեկավարները Մոսկուայի մէջ քննարկեցին հիմնախնդրի կարգաւորումը ու վերահաստատեցին համանախագահներու գործունէութեան կարեւորութիւնը՝ ներառեալ ընթացիկ մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական խնդիրներու լուծման առումով։ Բանակցութիւններուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Փութին ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը բարձր գնահատականի արժանացած է։ Ան աւելցուց, որ Մաքրոն զինքը տեղեակ պահած է օրեր առաջ տեղի ունեցած տեսաժողովէն, որուն մասնակիցները եղած էին բացի Մաքրոնէն՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Իր կարգին, Մոսկուայի մէջ Մաքրոնն ալ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան։ Ան ուրախութիւն յայտնեց ութ ռազմագերիի Հայաստան վերադարձին առումով։
Ատրպէյճան շաբաթավերջին եւս ութ ռազմագերի վերադարձուց Հայաստանին։ Վերադարձուածներէն ոմանք զինուորականներ են, որոնք 16 նոյեմբեր 2021 թուականին գերեվարուած էին։ Պաքուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճան Հայաստանի այս քաղաքացիները վերադարձուցած է՝ Արցախի առաջին պատերազմին ժամանակ զոհուած իր զինուորականներու եւ քաղաքացիական անձերու մասին տեղեկութիւններ ստանալու փոխարէն։
Շաբաթավերջին վերադարձուած ութ ռազմագերիները երէկ Հայաստանի Քննչական կոմիտէին մօտ ենթարկուեցան հարցաքննութեան։ Անոնցմէ Գրիգոր Կիւրեղեան յայտնեց, որ Աստուծոյ կամքով մնացեալ բոլոր գերիներն ալ պիտի վերադառնան։ Իր խօսքով, իրենցմէ ոեւէ մէկը առողջական խնդիր չունի եւ ցուցաբերուած վերաբերմունքը բնականոն է։ Ան աւելցուց, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հարցաքննութիւնն ալ անցած է բնականոն պայմաններու ներքեւ, վերաբերմունքն ալ եղած է բնականոն։
Այս իրադարձութիւնը ստեղծեց լայն արձագանգ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր դիւանագէտներուն ու զինուորներուն, որոնք ներգրաւուած են հայ ռազմագերիներու վերադարձի աշխատանքին։ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելն ալ ընկերային ցանցերու վրայ նշեց, թէ սա դրական զարգացումներու եւս մէկ նշան է։ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարն ալ ողջունեց ռազմագերիներու վերադարձը։ Իր կարգին, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Խավիէր Քոլոմինա արձագանգեց ըստ հետեւեալի. «Սա իսկապէս լաւ լուր է։ ՆԱԹՕ կ՚արժեւորէ մեր գործունէութիւնը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի հետ ու կ՚աջակցի տարածաշրջանէ ներս կայունութեան եւ բարգաւաճման խորացման»։
Հարկ է նշել, որ այս ութ ռազմագերիները յանձնուած են՝ անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Էմմանիւել Մաքրոնի, Շարլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած տեսաժողովի ժամանակ կատարուած միջնորդութեան հիման վրայ։