ԿԻՒԼԷՐ ԷՐՊԻԼ ԱՅՑԵԼԵՑ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր Պաղտատի մէջ Իրաքի ղեկավարութեան հետ ունեցած շփումներէն վերջ անցաւ Էրպիլ, ուր եւս բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցաւ։ Նախարարը ընդունուեցաւ Հիւսիսյին Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան վարչապետ Մեսրուր Պարզանիի, շրջանի նախագահ Նեչիրվան Պարզանիի եւ Իրաք-Քիւրտիստանի Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի եւ այլ դէմքերու կողմէ։

Մինչ բանակը Իրաքի հիւսիսին ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ գործողութիւնները կը շարունակէ, Եաշար Կիւլէր այցելութեան ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ ունեցաւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերուն շուրջ։ Կիւլէր Մեսուտ Պարզանիին փոխանցած է նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի ողջոյնները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2024