ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՊՈՒՏԱՓԵՇՏԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՎԻՔԹՈՐ ՕՐՊԱՆԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահանգ Խաչատուրեան աւարտեց դէպի Պուտափեշտ պաշտօնական այցելութիւնը, որու եզրափակիչ փուլին հանդիպումներ ունեցաւ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի, Ազգային ժողովի նախագահ Լասլօ Քէօվերի հետ։ Խաչատուրեան այցելեց նաեւ «Փեթեր Փազման» կաթոլիկ համալսարանը, ուր ունեցաւ ելոյթ մը։

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Վահագն Խաչատուրեան Պուտափեշտի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Հունգարիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2024