ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Լի­բա­նա­նա­հայ ե­րէց սե­րուն­դի մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն բժիշկ Կար­պիս Հար­պո­յեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց Պէյ­րու­թի Մես­րո­պեան հայ կա­թո­ղի­կէ վար­ժա­րա­նը։ Ան բժշկա­կան գիր­քե­րու եւ յօ­դուա­ծա­շար­քե­րու յայտ­նի հե­ղի­նակ մըն է եւ իր նո­րա­գոյն գոր­ծին շնոր­հան­դէ­սը վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած էր Պէյ­րու­թի մէջ։ 
Դպրո­ցէն ներս Կար­պիս Հար­պո­յեան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Տնօ­րէն Կրէ­կուար Գա­լուստ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ ա­նոր հան­րա­յին-գի­տա­կան բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։ Հար­պո­յեանն ալ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Մես­րո­պեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ գտնուե­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան բե­րու­մով եւ գրա­դա­րա­նին նուի­րեց իր նո­րա­գոյն հա­տոր­նե­րը։ Բաց աս­տի, ան իր գիր­քե­րէն օ­րի­նակ­ներ մա­կագ­րեց նաեւ բար­ձա­գոյն դա­սա­րան­նե­րու յա­ջո­ղա­գոյն ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016