Գահիրէի Մօտ Հայաստանի Դեսպանատունը՝ Քաղաքի հէքեաթային Վայրերու ցանկին Մէջ

Գա­հի­րէի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տու­նը յայտ­նուած է քա­ղա­քի ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ 17 վայ­րե­րու ցան­կին վրայ: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­մա­ձայն, identity­mag.com­ը կազ­մած է Գա­հի­րէի հէ­քեա­թա­յին 17 վայ­րե­րու ցու­ցա­կը: Կայ­քը կը գրէ, որ այն ա­ռանձ­նա­տու­նը, ուր տե­ղա­կա­յուած է դես­պա­նա­տու­նը, կար­ծես «Քնա­ցած դշխու­հիի» կամ «Հեն­զէ­լի ու Կրե­թէլ»ի պատ­մու­թե­նէն դուրս ե­կած ըլ­լայ:

Ցու­ցա­կին մէջ նե­րա­ռուած են նաեւ Հե­լիո­պո­լի­սի մէջ գտնուող Baron Empain պա­լա­տը, ար­քա­յազն Սա­լիտ Հա­լի­մի պա­լա­տը, հին Գա­հի­րէի մէջ գտնուող Պապ ալ Ֆու­թու­հը, Քոր­պա­յի մէջ գտնուող տու­նը, ղպտի­նե­րու գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, «Մա­րիոթ» հիւ­րա­նո­ցը, ալ­-Մուիզ ալ-Դին փո­ղո­ցը, Ապ­տէն պա­լա­տը, Հե­լիո­պո­լի­սի պա­զի­լիք ե­կե­ղե­ցին, Գա­հի­րէի դար­պաս­նե­րը, Քասր ալ-Նիլ կա­մուր­ջը, Սա­պի­լը, Բա­նեան ծա­ռե­րը, Maison du Canada-ն, Սպա­նիոյ դես­պա­նա­տու­նը եւ Գա­հի­րէի միջ­նա­բեր­դը:

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016