ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹ

Ե­րէկ, Պրիւք­սէ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Թուր­քիա-Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Թուր­քիան ներ­կա­յա­ցուց Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վուօղ­լու, ո­րու կող­քին էին Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու եւ ԵՄ-ի գծով նա­խա­րար ու ա­ւագ բա­նագ­նաց Վոլ­քան Պոզ­քըր։ Պրիւք­սէ­լի մէջ էին նաեւ ԵՄ-ի հիմ­նա­կան կա­ռոյց­նե­րուն ա­ռա­ջին դէմ­քե­րը, ինչ­պէս նաեւ ան­դամ եր­կիր­նե­րուն կող­մէ պե­տու­թիւն­նե­րու կամ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ։ Ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կազ­մա­կեր­պուած այս բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ գաղ­թա­կա­նաց տագ­նա­պը։ Ան­կա­նոն գաղ­թի եւ փախս­տա­կան­նե­րու նոր հոս­քի մը կան­խար­գիլ­ման ուղ­ղեալ տե­ղի ու­նե­ցան ծա­ւա­լուն քննար­կում­ներ։

Այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վին զու­գա­հեռ Պրիւք­սէ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ մի­ջան­կեալ շատ կա­րե­ւոր ժո­ղով մը՝ Սու­րիոյ ի­րադ­րու­թեան շուրջ։ Այս շրջագ­ծով Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու մէկ­տե­ղուե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի, Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի, Անգ­լիոյ Վար­չա­պետ Տէյ­վիտ Քեմ­րը­նի, Ի­տա­լիոյ Վար­չա­պետ Մա­թէօ Ռեն­ցիի, ինչ­պէս նաեւ ԵՄ-ի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ու անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նիի հետ։
Տա­վու­տօղ­լու Պրիւք­սէ­լի մէջ ա­ռան­ձին  տե­սակ­ցու­թիւն մըն ալ ու­նե­ցաւ ԵՄ-ի խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թուս­քի, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ժան-Քլոտ Եուն­քէ­րի եւ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Մար­թին Շուլ­ցի հետ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան, օգ­տուե­լով Պրիւք­սէ­լի մէջ գտնուե­լու ա­ռի­թէն՝ վար­չա­պե­տը այ­ցե­լեց նաեւ ՆԱ­ԹՕ-ի կեդ­րո­նա­տե­ղին, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պեր­կի կող­մէ։

Կը հաղորդուի, որ երէկուան գագաթաժողովին ընթացքին Թուրքիա գաղթականաց խնդիրը լուծելու համար հինգ հիմնական խոստում տուաւ ԵՄ-ին, իսկ փոխարէնը՝ առաջադրեց կարգ մը պահանջներ։ Այսպէս, թրքական կողմը կ՚ակնկալէ յառաջիկայ Յունիսի վերջաւորութեան դրութեամբ թրքահպատակներու առանց մուտքի արտօնութեան անհրաժեշտութեան Շենկէնի գօտի մուտք գործելը։ Ներկայիս ԵՄ գաղթականաց համար 3 միլիառ եւրօ արժողութեամբ օժանդակութիւն մը խոստացած է Թուրքիոյ համար։ Անգարայի ղեկավարութիւնը մինչեւ 2018 թուականը նոյն նպատակով կը պահանջէ եւս 3 միլիառ եւրօ։ Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ իր կողմէ նախատեսուած կանոններէն դուրս ընդունուելիք իւրաքանչիւր գաղթականի պարագային Եւրոմիութիւնն ալ գաղթական մը ընդունի Թուրքիայէն։ Այս բոլորի առընթեր, Անգարայի ղեկավարութիւնը կը պահանջէ նոր գլուխներու քննարկման բացուիլը՝ Թուրքիոյ ԵՄ-ի լիիրաւ անդամակցութեան բանակցութիւններուն շրջագծով։ Անգարա կը պահանջէ յետընդունման գործընթացի ծախսերուն ԵՄ-ի կողմէ դիմագրաւուիլը եւ Յունաստանի կղզիներուն գաղթականներէ ամբողջութեամբ դատարկուիլը։

Այս բոլոր նիւթերուն շուրջ երէկ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցան ծաւալուն քննարկումներ, սակայն կարելի չեղաւ վերջնական արդիւնքներ ապահովել։ Կը հաղորդուի, որ երէկուան բանակցութիւններուն լոյսին տակ վերջնական որոշումները պիտի ընդունուին ԵՄ-ի Մարտի 18-ին նախատեսուած գագաթաժողովին ընթացքին։

Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ երէկ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է նաեւ մամլոյ ազատութեան խնդիրը։ ԵՄ-ի ներակայցուցիչները շեշտած են, թէ սա Եւրոպայի հիմնարար արժէքներէն մին է։

Միւս կող­մէ, Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու եւ Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ ե­րէկ Պրիւք­սէ­լի մէջ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Ա­նոնք այս առ­թիւ ընդգ­ծե­ցին, թէ Թուր­քիա եւ ՆԱ­ԹՕ զօ­րակ­ցու­թեան մէջ են։ Դա­շին­քը ար­դէն այ­սօ­րուան դրու­թեամբ Ե­գէա­կա­նի մէջ աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած է՝ գաղ­թա­կա­նաց հոս­քի վե­րահս­կո­ղու­թեան հա­մար։ Սթոլ­թեն­պերկ ընդգ­ծեց, թէ ՆԱ­ԹՕ-ի նա­ւե­րը կը հե­տապն­դեն մար­դոց մաք­սա­նեն­գու­թիւն­նե­րը կան­խե­լու նպա­տա­կը։

Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ընդգ­ծեց, որ Սու­րիոյ պա­րա­գա­յին Թուր­քիա կը գտնուի ճա­կա­տի ա­ռաջ­նագ­ծին, հե­տե­ւա­բար դա­շին­քը կը նա­խա­տե­սէ թափ տալ իր դի­տարկ­ման աշ­խա­տան­քին՝ Սու­րիոյ սահ­մա­նի եր­կայն­քով։ Իր կար­գին, Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն ալ շեշ­տեց, որ Թուր­քիա կը նա­խընտ­րէ իր սահ­մա­նին տես­նել ՆԱ­ԹՕ-ի ներ­կա­յու­թիւ­նը։ Վար­չա­պե­տը մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց գաղ­թա­կա­նաց հա­ւա­նա­կան նոր հոս­քի մը պա­րա­գա­յին եւ յի­շե­ցուց, թէ ա­հա­բեկ­չա­կան սպառ­նա­լիք­ներ գո­յու­թիւն ու­նին «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) խմբա­ւոր­ման եւ ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ։ Տա­վու­տօղ­լու Պրիւք­սէ­լի մէջ մե­ղադ­րեց նաեւ Ռու­սաս­տա­նը՝ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ ո­չինչ ը­նե­լով։

Հարկ է նշել, որ Պրիւք­սէ­լի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վէն վերջ այ­սօր Թուր­քիա կ՚այ­ցե­լէ Յու­նաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րաս։ Տա­վու­տօղ­լու իր պաշ­տօ­նակ­ցին հետ ալ քննար­կում­ներ կը ծա­ւա­լէ ներ­կայ այս հրա­տապ օ­րա­կար­գին շուրջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016