ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿՆԷՆ ԱՒԵԼԻՆ

Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կէոր­կի Ճա­նե­լի­ծէ ե­րէկ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ՝ դէ­պի Պա­քու պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով։ Վրա­ցի նա­խա­րա­րը տե­սակ­ցե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ, իսկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեց իր ա­զէ­րի պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։

APA գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Պա­քուի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին շեշ­տուե­ցաւ, որ Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը գտնուին ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի վրայ, քան ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը։ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով լրագ­րող­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, թէ իր վրա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին հետ քննար­կած են տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցեր, նե­րա­ռեալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս ներ­կայ վի­ճա­կը։ Ճա­նե­լի­ծէն ալ ներ­կա­յա­ցու­ցած է Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիոյ եւ Աբ­խա­զիոյ կա­ցու­թիւ­նը։ Մա­մէ­տեա­րո­վի խօս­քե­րով, Ատր­պէյ­ճան եւ Վրաս­տան հա­մա­կար­ծիք են տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ սահ­ման­նե­րու ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեան սկզբուն­քի ան­խախ­տե­լիու­թեան շուրջ։

Ճա­նե­լի­ծէն ըն­դու­նե­լու ժա­մա­նակ Իլ­համ Ա­լիեւն ալ յոյս յայտ­նեց, թէ իր այ­ցե­լու­թիւ­նը լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը կ՚ըն­ձե­ռէ՝ եր­կու եր­կիր­նե­րու այս տա­րուան հա­մար նա­խա­տե­սուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրագ­րե­րու հա­մա­կարգ­ման տե­սան­կիւ­նէն։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016