Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՎԱՂԸ՝ 28+1 ԺՈՂՈՎ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ
Վաղը, Պրիւքսէլի մէջ, ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան+28» ձեւաչափով Հիւսիսատլանտեան խորհուրդին նիստը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ 28+1 այս ժողովին մասնակցելու համար Պրիւքսէլ պիտի այցելեն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան։
Խորհուրդի նիստէն առաջ նախատեսուած է երկու նախարարներուն տեսակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։
Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016