Շաբաթ 11, Յունուար 2025
Փ. ՓՈՐՈՇԵՆՔՈՅԻ ԱՅՑԸ
Ուքրայնոյ Նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ վաղը պաշտօնական այցելութեամբ պիտի ժամանէ Թուրքիա։ Երկօրեայ իր շփումներուն շրջագծով ան պիտի մասնակցի Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հինգերորդ ժողովին։ Այս շրջագծով ան պիտի հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Իսմայիլ Քահրաման եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու պիտի տեսակցին հիւր ղեկավարին հետ։
Փեթրօ Փորոշենքօ այցելութեան առթիւ պիտի մէկտեղուի նաեւ գործարար շրջանակներէ ներկայացուցիչներու հետ։
Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2016