ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Եուրի Խաչատուրով եւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ վերջին օրերուն հանդիպումներ ունեցան Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկկողմանի բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան անվտանգութեան ոլորտին վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Մասնաւորապէս կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակին շուրջ։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծի վրայ տիրող կացութիւնը։ Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դաշնակցային գործունէութեան շրջանակներէ ներս իրականացուող ռազմաթեքնիկ եւ ռազմատնտեսական համագործակցութեան ներկայ ընթացքին շուրջ։
Խաչատուրով եւ Փաթրուշեւ բանակցութիւններու աւարտին ստորագրեցին արձանագրութիւն մը։ Այս այցը տեղի ունեցաւ կողմերու 2017 եւ 2018 թուականներու համագործակցութեան ծրագրի ծիրէն ներս։