ԳՏՆԵԼ ՆՈՐ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Փա­րիզ՝ Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Է­լի­զէի պա­լա­տին մէջ այ­սօր նա­խա­տե­սուած է Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հան­դի­պու­մը, ո­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ վի­ճա­կը։

Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ջին օ­րը՝ ե­րէկ Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի ի պա­տիւ դի­մա­ւոր­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Փա­րի­զի «Էն­վա­լիտ»նե­րու պա­լա­տի պա­տուոյ հրա­պա­րա­կին վրայ։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը դի­մա­ւո­րուե­ցաւ զի­նուո­րա­կան ա­րա­րո­ղու­թեամբ։

Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Սերժ Սարգ­սեան այ­ցե­լեց Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան կեդ­րո­նա­կա­յա­նը, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Մի­քա­յէլ Ժա­նի հետ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Հա­յաս­տան կը պատ­րաս­տուի հիւ­րըն­կա­լել այս կազ­մա­կեր­պու­թեան 2018 թուա­կա­նի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, ո­րու պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը ըն­թաց­քի մէջ են։

Ե­րե­կո­յեան Սերժ Սարգ­սեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ «Դուք էք մեր ել­քը դէ­պի ար­տա­քին աշ­խարհ», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան Փա­րի­զի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին։

Ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան խօ­սե­ցաւ առ­կայ խնդիր­նե­րուն հա­մար նոր լու­ծում­ներ գտնե­լու մա­սին։ Ան Սփիւռ­քի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր օ­րա­կար­գին հա­մար որ­պէս կար­գա­խօս ընդգ­ծեց հե­տե­ւեա­լը. «Փո­խա­դարձ վստա­հու­թիւն, միաս­նա­կա­նու­թիւն եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն»։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017