ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՁԳՏԻ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ԶԱՐԳԱՆԱԼ ԱՌԿԱՅ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ

Մինչ Եւ­րո­միու­թիւ­նը կը դի­մագ­րա­ւէ լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­ներ, նա­խըն­թաց ե­րե­կո­յեան Փա­րի­զի մեր­ձա­կայ­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­րե­ւոր ժո­ղով մը։ Վեր­սա­յի պա­լա­տին մէջ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ հիւ­րըն­կա­լեց Գեր­մա­նիոյ, Սպա­նիոյ եւ Ի­տա­լիոյ վար­չա­պետ­նե­րը՝ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լը, Մա­րիա­նօ Ռա­խո­յը եւ Փաո­լօ Ճեն­թի­լիո­նին։ ԵՄ-ի յա­ռա­ջա­տար այս չորս եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը մէկ­տե­ղուե­ցան այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ, երբ Անգ­լիա կը պատ­րաս­տուի գործ­նա­կա­նօ­րէն դուրս գալ Եւ­րո­միու­թե­նէն։

Վեր­սա­յի պա­լա­տէն ներս կազ­մա­կեր­պուած գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Ֆրան­սուա Օ­լանտ յայտ­նեց, որ միու­թիւն ըլ­լալ չի նշա­նա­կեր ու­նե­նալ մէկ ու միակ ձեւ մը։ Իբր այդ ան կը պաշտ­պա­նէ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր ձե­ւա­չա­փե­րը։ Իր կար­գին, Մեր­քէլն ալ հա­մո­զուած է, որ եւ­րո­պա­ցի­նե­րը պէտք է հա­մար­ձա­կու­թիւն ցոյց տան ըն­դու­նե­լու՝ թէ կարգ մը եր­կիր­ներ միւս­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ կը զար­գա­նան ա­ւե­լի թա­փով։ Ըստ Մեր­քէ­լի, Եւ­րո­միու­թիւ­նը պէտք է կա­րո­ղա­նայ զար­գա­նալ, այ­լա­պէս կա­թուա­ծա­հար պի­տի ըլ­լայ։ Ե­թէ Եւ­րո­միու­թիւ­նը չկա­րո­ղա­նայ ա­ւե­լի զար­գա­նալ, ա­պա այս խա­ղա­ղու­թեան ծրա­գի­րը ո­մանց կար­ծա­ծէն շատ ա­ւե­լի ա­րագ ձե­ւով վտան­գի դէմ յան­դի­ման պի­տի մնայ։

Վեր­սա­յի հան­դիպ­ման ար­դիւն­քին ա­ռա­ջին ան­գամ որ­պէս քա­ղա­քա­կան այ­լընտ­րանք սե­ղա­նի վրայ դրուե­ցաւ բազ­մա­զան ա­րա­գու­թիւ­նը։ Մեր­քէ­լի խօս­քե­րով սա անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն է։ Այս­պէ­սով կարգ մը եր­կիր­ներ կարգ մը նիւ­թե­րու շուրջ ա­ւե­լի ա­րագ ու ա­ւե­լի խոր հա­մարկ­ման ճա­նա­պար­հով պի­տի կա­րե­նան ըն­թա­նալ։ Թէեւ Եւ­րո­միու­թեան ներ­կայ կա­ռոյ­ցով կան հա­մարկ­ման ձե­ւա­չա­փեր՝ եւ­րո­յի գօ­տիի կամ շեն­կէ­նի գօ­տիի նման, սա­կայն բազ­մա­զան ա­րա­գու­թեան տար­բե­րա­կը ա­ռա­ջին ան­գամ պաշ­տօ­նա­պէս կը դրուի սե­ղա­նի վրայ։

Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Վեր­սա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին չհրա­պա­րա­կուե­ցան յստակ ծրագ­րեր։ Ար­դա­րեւ, Մար­տի 25-ին, Հռո­մի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ կա­րե­ւոր գա­գա­թա­ժո­ղով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ան­դամ բո­լոր եր­կիր­նե­րը պի­տի քննար­կեն միու­թեան ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րեալ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը։ Այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վը պի­տի հա­մընկ­նի Եւ­րո­միու­թեան հիմ­նա­րար փաս­տա­թուղ­թի՝ Հռո­մի հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագր­ման 60-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։ Պրիւք­սե­լի շրջա­նակ­նե­րը սա կը հա­մա­րեն կա­րե­ւո­րա­գոյն հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը՝ նոր սկիզբ մը ա­պա­հո­վե­լու տե­սա­կէ­տէ։

 

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017