ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԳԱԳԱԹ
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի տանտիրութեամբ երէկ Անթալիայի մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի տեսակցութիւն մը՝ Միացեալ Նահանգներու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի եւ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վալերի Կերասիմովի մասնակցութեամբ։ Բարձրաստիճան զինուորականներու խորհրդակցութիւնները երէկ շարունակուեցան օրուան տեւողութեան, ինչ որ լայն արձագանգ ստեղծեց նաեւ միջազգային հարթութեան վրայ։ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած այս կարեւոր գագաթաժողովը զուգադիպեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Իրաքէ եւ Սուրիայէ ներս թափ ստացած են գործողութիւնները ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ։
Երէկուան այս անակնկալ ժողովէն վերջ Թուրք զինեալ ուժերու աղբիւրները հաղորդեցին շարք մը մանրամասնութիւններ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը շեշտը դրաւ ահաբեկչական բոլոր կազմակերպութիւններու դէմ աւելի ազդու պայքար մը մղելու վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ, ժողովականները կանգ առին յաւելեալ նախազգուշական միջոցներու վրայ՝ որպէսզի այս երեք երկիրներու զինեալ ուժերուն միջեւ կանխուին անբաղձալի դէպքերը, այսինքն զինուորներ չզոհուին բարեկամներու կրակի հետեւանքով։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, թրքական կողմը յստակօրէն ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի նկատառման յանձնած է իր անհանգստութիւնը՝ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ին տրուած զօրակցութեան պատճառով։ Շեշտուած է, որ Թուրք զինեալ ուժերը պիտի չմասնակցին ՓԵՏ-ի ներգրաւուած որեւէ ձեւաչափի։ Ընդգծուեցաւ նաեւ Սուրիոյ տարածքաշրջանային ամբողջութեան կարեւորութիւնը։ Յստակօրէն տրուեցաւ նաեւ այն պատգամը, թէ ճիշդ չէ բոլորին կողմէ դրօշի պարզուիլը Մենպիչի մէջ։
Անթալիոյ երէկուան ժողովին ընթացքին զօրավար Հուլուսի Աքար ընդգծեց, որ խաղաղութիւնը բոլոր կողմերու հասարակաց նպատակն է։
Հարկ է նշել, որ միջազգային ուժերը ներկայիս պատրաստութիւն կը տեսնեն իրականացնելու համար գործողութիւն մը, որու նպատակը պիտի ըլլայ Ռաքքայի ազատագրումը ԻՇԻՊ-էն։ Ըստ կարգ մը վարկածներու, ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի զօրքերուն աշխոյժ դերակատարութիւն մը կրնայ վերապահուիլ այդ գործողութիւններուն մէջ։ Եթէ այդպէս ըլլայ, Թուրքիա թոյլ պիտի տա՞յ, որ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը օգտագործուի, թէ ոչ։ Այս հարցումը ներկայիս անմիջական ուշադրութեան առարկայ է միջազգային գետնի վրայ։
Միւս կողմէ, Իրաքի Վարչապետ Հայտար Էլ Ապատի երէկ առաջին անգամ այցելեց Մուսուլ քաղաքը՝ այս վերջնոյն ԻՇԻՊ-էն մաքրագործուելէն վերջ։