ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՊԻՇՔԷՔԻ ՄԷՋ
Խրղըզիստանի մայրաքաղաքը՝ Պիշքէքի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներուն ժողովը։ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի այս ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան։ Պիշքէքի մէջ ան ընդգծեց, որ Երեւան մտադիր է հետեւողական ու համակարգուած աշխատանք մը տանիլ՝ ԵԱՏՄ-ի ներուժի լիարժէք օգտագործման ուղղութեամբ։
Պիշքէքի մէջ Կարէն Կարապետեան ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի յարաբերութիւններ։ Այս ծիրէն ներս ան հիւրընկալուեցաւ Խրղըզիստանի Նախագահ Ալմազպէք Աթամպայեւի կողմէ։ Կարէն Կարապետեան տեսակցեցաւ նաեւ Ռուսաստանի Նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Պիշքէքի մէջ տեղի ունեցած առանձնազրոյցին ընթացքին երկու վարչապետները վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար հայ-ռուսական դաշնակցային գործակցութեան ընդլայնումը թէ՛ երկկողմանի գետնի վրայ եւ թէ ԵԱՏՄ-ի շրջանակներէն ներս առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու աշխուժացման ուղղութեամբ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները անդրադարձան անցեալ Յունուարին Կարէն Կարապետեանի դէպի Ռուսաստան պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին։ Անոնք մասնաւորապէս կանգ առին Հայաստան-Ռուսաստան ներդրումային հիմնադրամի ստեղծման, Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիին մէջ ռուսական ընկերութիւններու ներգրաւման, գիւղատնտեսական բնագաւառին համար սարքաւորումներու մատակարարման վրայ։ Երկու վարչապետները քննարկեցին նաեւ հայ-ռուսական տնտեսական օրակարգին վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։
Աւելի վերջ Կարէն Կարապետեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդեց Տիմիթրի Մետվետեւի հետ իր ունեցած տեսակցութեան բովանդակութեան շուրջ։ «Իմ Մոսկուա այցելութենէն յետոյ բաւական խտացեալ բանակցութիւններ տեղի ունեցան մեր զանազան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն եւ նախարարներուն միջեւ։ Այդ ծիրին մէջ էր նաեւ անցեալ Ուրբաթ օրուան հանդիպումները՝ ներդրումներու եւ տնտեսական զարգացման նախարարի եւ ելմտական նախարարի հետ։ Մետվետեւի հետ հանդիպման ժամանակ քննարկեցինք այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են Մոսկուա այցելութեան ընթացքին, նաեւ ճշդեցինք, թէ ո՛ւր կը գտնուինք եւ դէպի ո՛ւր կ՚ընթանանք», ըսաւ Կարապետեան։
Պիշքէքէն Երեւան վերադարձին օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Կարէն Կարապետեան մատնանշեց, որ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ շօշափած են նաեւ ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը։ Ռուսական կողմի մասնակցութեամբ յառաջիկային կը նախատեսուին Հայաստանի հանքերէն ներս հետազօտութիւններ։ «Ճշդեցինք մեր հետագայ քայլերը», ընդգծեց Կարէն Կարապետեան՝ իր ռուս պաշտօնակցին հետ ունեցած հանդիպումէն վերջ։