ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Ռիչըրտ Հակլընտ (Միացեալ Նահանգներ) այս շաբաթավերջին պիտի այցելեն Պաքու։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով երէկ տեղեկացուց, որ միջնորդներուն շփումները նախատեսուած են Մարտի 11-ին։ Պաքուի մէջ անոնք պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։
Մինչ այդ, Մամէտեարով յայտնեց, որ մօտաւոր ապագային կը նախատեսուի եռակողմանի տեսակցութիւն մը՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի եւ իր մասնակցութեամբ։ «Որպէսզի այդ բանակցութիւնները ըլլան արդիւնաւէտ, մենք պէտք է սպասենք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտին», նշեց Մամէտեարով։ Բաց աստի, ազէրի նախարարը աւելցուց, որ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ տեղի ունեցած են՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ լայնածաւալ քննարկումներ եւ կարծիքի փոխանակումներ։ «Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն վերջ մենք պիտի վերադառնանք այս խնդրին», ըսաւ ան։
Անդրադառնալով Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի առկայ լարուածութեան՝ Էլմար Մամէտեարով յայտնեց, որ այդ լարուած վիճակը ցոյց կու տայ, թէ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի խաղաղ ճանապարհով, իսկ բանակցութիւններուն մէջ պէտք է յառաջընթաց արձանագրուի։