ՍԵԼԻՆԱ ՏՈՂԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՄՊԻՈՆԷՆ ՎԵՐՅԻՇԵՑ ԿԱՆԱՆՑ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆ ՀԱՅՈՒՀԻՆԵՐԸ

Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ այս ա­ռա­ւօտ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ՝ Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան առ­թիւ։ ՃՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խա­նը մատ­նան­շեց, որ Թուր­քիոյ մէջ կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պայ­քա­րի պատ­մու­թեան մէջ մո­ռա­ցու­թեան կը մատ­նուին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ Ընդ­դի­մա­դիր պատ­գա­մա­ւո­րը այս կէ­տին վրայ ո­գե­կո­չեց ան­ցեա­լի մէջ կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան հան­դի­սա­ցած շարք մը հայ մտա­ւո­րա­կան­ներ. ինչ­պէս՝ Էլ­պիս Կե­սա­րա­ցեան, Սրբու­հի Տիւ­սաբ, Զա­պէլ Ա­սա­տուր, Զա­պէլ Եսա­յեան, Հայ­կա­նոյշ Մառք եւ այլք։

ՃՀՓ­-ա­կան պատ­գա­մա­ւոր Սե­լի­նա Տո­ղան ընդգ­ծեց, որ կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու մա­սին թէեւ շատ բան կը խօ­սուի, սա­կայն խնդիր­նե­րը տա­կա­ւին կը մնան առ­կայ։ Ըստ ի­րեն, բնա­կա­նա­բար յար­գան­քով կ՚ո­գե­կո­չուի Հա­լի­տէ Է­տի­փը, սա­կայն չե­ղեալ կը հա­մա­րուի իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րէն Զա­պէլ Է­սա­յեան, ո­րուն հետ ան կը թղթակ­ցէր։ Ան խորհր­դա­րա­նի ամ­պիո­նէն ցոյց տուաւ նաեւ «Bir Adalet Feryadı» ա­նուն գիր­քը եւ ը­սաւ, թէ այդ մէ­կը շատ կա­րե­ւոր աղ­բիւր մըն է՝ Օս­մա­նեան շրջա­նին կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար տրուած պայ­քա­րին տե­սան­կիւ­նէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017