ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԳԱԳԱԹ

Սուրիոյ ճգնաժամը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Այս մթնոլորտին մէջ տարածքաշրջանի հիմնական դերակատարներն ալ անընդհատ շփման մէջ են ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Մինչ դաշտի վրայ իրադարձութիւնները հրատապ ընթացք մը ունին, Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահները կը պատրաստուին նոր գագաթաժողովի մը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այդ գագաթաժողովը նախատեսուած է 4 Ապրիլին, Իսթանպուլի մէջ։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պիտի հիւրընկալէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին։ Այդ գագաթաժողովէն օր մը առաջ՝ 3 Ապրիլին, Էրտողանի եւ Փութինի մասնակցութեամբ նախատեսուած է Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը։ Փութին Իսթանպուլի մէջ պիտի մասնակցի այդ ժողովին եւ օր մը վերջ ալ՝ եռակողմանի գագաթաժողովին։ Երեք նախագահները առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ պիտի ունենան Սուրիոյ իրադրութիւնը։ Անոնք կանգ պիտի առնեն նաեւ տարածքաշրջանային միւս խնդիրներուն վրայ։

Մինչ այդ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու 12-14 Մարտին պիտի այցելէ Մոսկուա։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան 8 Փետրուարին հեռախօսազրոյցներ ունեցած էր Փութինի եւ Ռուհանիի հետ։ Այդ փուլին որոշուած էր Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի ղեկավարներու երկրորդ գագաթաժողովը կազմակերպել Իսթանպուլի մէջ։ Ծանօթ է, որ առաջին գագաթաժողովը անցեալ 22 Նոյեմբերին տեղի ունեցած էր Սոչիի մէջ։ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահները համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս գալով վերահաստատած էին իրենց ամուր յանձնառութիւնը՝ Սուրիոյ ինքնիշխանութեան, անկախութեան, միութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ուղղութեամբ։ Աստանայի գործընթացէն վերջ այս երեք երկիրները երաշխաւոր եղած էին՝ Սուրիայէ ներս լարուածութենէ զերծ գօտիներու հաստատման համար։ Ղեկավարները որոշած էին ի պահանջել հարկին վերստին համախմբուիլ։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահները կանգ առին Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն, մասնաւորապէս արեւելեան Կութայի կացութեան վրայ։  

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018