ՄՏՈՎԻ ՊՏՈՅՏ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Մեծանուն աստղաֆիզիկոս Գրիգոր Կուրզադեան իր գիրքերէն մէկուն մէջ Հոմերոսի Իլիականէն կը մէջբերէ հետեւեալը. «Երբ Հեղինէն ներս մտաւ, ծերունիները ոտքի ելան»։ Գիտնականը այս տեսարանը կը նկատէ որպէս կնոջ գեղեցկութեան՝ տակաւին անթիք դարաշրջանին մէջ ստեղծուած բարձրագոյն չափանիշ մը։ Իսկապէս ծերունիները, որոնք ծնողքի եւ առհասարակ պաշտելի նախնիներու մարմնացումն էին, իսկ յայտնի է, թէ բոլոր մեծ քաղաքակրթութիւններուն մէջ ծերութիւնը սրբազնացուած ու մեծագոյն յարգանքի ենթակայ արժէք էր, ահաւասիկ նոյնիսկ անոնք՝ ընկերային կեանքի սանդղակի վերնամասին բազմած տարեցները, անզօր գտնուեցան չերկրպագելու տիեզերական աւելի մեծ ուժի մը՝ կանացի գեղեցկութեան։ Այս է, որ մեզի կը հաղորդէ Հոմերոս երեք հազար տարուան հեռաւորութենէն։

Այսօր այդ գեղեցկութիւնը մարմնաւորող հրեշտակներուն տօնն է. մարտի 8-ն է այսօր՝ Համաշխարհային կանանց օրը։

Այս գեղեցիկ ու տրամադրող տօնին առթիւ զրուցեցինք մեր համայնքի իգական սեռի եզակի ներկայացուցիչներէն գրող՝ Լետա Պօյաճըի հետ։ Բնատուր կանացի նրբութեամբ ու գեղեցկութեամբ՝ ան յիրաւի իր մէջ կը կրէ օրուան խորհուրդը։

Խելացի, գեղեցիկ, նպատակասլաց ու հաստատակամ է Լետա Պօյաճը, որ ունի երկու զաւակ։ Աստուծոյ օրհնութեամբ կրկնակի մայրանալէ ետք, որոշած է իր երկու հրեշտակներուն՝ դստրիկներուն թողնել ոչ հասարակ մնայուն ժառանգութիւն մը՝ հեղինակային գիրքեր, որոնք թեւեր առնելով պիտի կտրեն, պիտի անցնին տասնամեակներ, պիտի ապրին դարէ դար։ Ահաւասիկ, ի շնորհիւ քրտնաջան ու օրնիբուն աշխատանքի լոյս տեսած է Լետա Պօյաճըի պատմուածքներու անդրանիկ ժողովածոն, խորագրեալ՝ «Երկու շաքարով»։ Գիրքը լոյս տեսած է Artikel հրատարակչութենէն։ Ցայսօր շնորհանդէսներ տեղի ունեցած են TÜYAP-ի գրքի տօնավաճառի ընթացքին եւ Բանկալթըի «Նոսթալժի» գրախանութին մէջ։ Բաց աստի, FOX հեռուստակայանին վրայ արձագանգ գտած է այս գիրքին հրատարակութիւնը։

Լետա Սիրանոյշ Պօյաճը նախնական կրթութիւնը ստացած է Սկիւտարի Ներսէսեան-Երմոնեան երբեմնի վարժարանին մէջ, իսկ աւելի վերջ աւարտած է Ս. Խաչ դպրեվանքը։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Քոճաէլի համալսարանի մէջ լրագրութեան վրայ։ Այնուհետեւ՝ երեք ամիս «Միլլիյէթ» օրաթերթին մէջ սթաժ ըրած է։ Աշխատակցած է՝ «Գնալըատա» պարբերականին։  Երեք տարի աշխատած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Կարճ միջոց մը աշխատած է զբօսաշրջութեան բնագաւառէն ներս։

Ուրեմն անցնինք մեր զրոյցին։

-Ե՞րբ սկսաք ստեղծագործել եւ ինչի՞ մասին էր։

-Առաջին գրական փորձերուս երկու տարի առաջ սկսայ։  Ինքնակենսագրական գրելու ձեւը եւ նրբութիւնները սերտելու նպատակաւ «Եշիմ Ճիմճոզ» գրատուն ընդունուեցայ։ Այնտեղ երկու տարի շարունակ մանրամասն սորվեցայ գրելու արուեստը՝ հանդերձ բոլոր նրբութիւններով։

Այն ատեն բնաւ պատմուածք գրելու նպատակ չունէի։ Սակայն ներքուստ տեւական անբացատրելի յուզում ու ծանրութիւն կը զգայի։ Սա հրաբուխի մը պէս կարծես ժայթքումի կը սպասէր։ Ահաւասիկ գրելու արուեստը սերտելու ընթացքին տեղի ունեցաւ այդ ժայթքումը։ Միտքս ու ներաշխարհս ի մի բերելով թուղթին յանձնեցի՝ շնորհիւ որու աշխարհ եկաւ «Երկու շաքարով» պատմուածքներու ժողովածոն։ Այդ պատմուածքներուն մէջ կան թէ՛ խինդ ու ծիծաղ, թէ տխրութիւն։ Անոնց մէջ տեղ գտած են թէ՛ իրական դէպքեր եւ թէ երեւակայութիւններ։ Իրադարձութիւններու ու հերոսներու անունները փոփոխուած են։

-Ինչպէ՞ս որոշեցիք գիրքին անունը։

-Թրքական սուրճ չեմ սիրեր, սակայն երբեմն պարտաւոր կ՚ըլլայի ըմպել։ Երկար պայքարէ մը ետք սկսայ խմել զայն՝ երկու շաքարով։ Նախապէս իմ չսիրած սուրճի պատուին ալ երեսունվեց պատմուածքներէ բաղկացեալ գիրքս խորագրեցի՝ «Երկու շաքարով»։ Ի դէպ, նշեմ, որ գիրքին մէջ կը գտնուի համանուն պատմուածք մը։

-Այս կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին «Երկու շաքարով» պատմուածքներու ժողովածոն ի՞նչ արձագանգ գտաւ։

-Ընթերցողները շատ կը հաւնին գիրքը։ Մինչեւ այսօր դրական արձագանգներ ստացած եմ։ Կ՚ըսեն, թէ ընթերցանութեան ընթացքին կը խորասուզուին պատմուածքներու յատակը եւ հաճոյքով աւարտին կը հասցնեն զանոնք։

-Լետա, գրելու ընթացքին ի՞նչ կը զգաք։ Կրնա՞ք քանի մը նախադասութեամբ ամփոփել ձեր զգացումները։

-Հոգեթովիչ անդորր մը կ՚իջնէ հոգւոյս։ Մէկ կողմ ձգելով առօրեայ հոգերը, ընդհանրապէս 21-րդ դարուն բնորոշ աճապարանքն ու լարուածութիւնը, կարծես ուրիշ աշխարհ մը կը տեղափոխուիմ։ Մտովի աշխարհն ու ժամանակները կը պտըտիմ։

-Ձեր գրութիւններուն մէջ կա՞ն այնպիսի մանրամասնութիւններ կամ նրբութիւններ, որոնց կը նախընտրէիք երբեւէ չանդրադառնալ։

-Ի հարկէ, մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեմ, որպէսզի ստեղծագործութիւններս տխուր, կիսատ կամ հարցականներով լի աւարտ չունենան։ Բաց աստի, բնաւ չեմ ախորժիր որեւէ կերպարի կոպիտ ու գռեհիկ վերագրումներ ընել, թէկո՛ւզ ան ըլլայ բացասական։ Կը ջանամ հնարաւորինս զերծ մնալ նմանօրինակ պարագաներէ։

-Լետա, ուրկէ՞ կու գայ գրելու ձեր ձիրքը։

-Թերեւս գրելու հանդէպ սէրը։

-Որո՞նք են ձեր սիրելի հեղինակները եւ ստեղծագործութիւնները։

-Սիրելի գրողներս են՝ Տոսթոեւսքի, Քահրաման Թազէօղլու, Սթեֆան Ցվայկ, Թունա Քիրէմիթճի։ Քահրաման Թազէօղլուի ու Թունա Քիրէմիթճիի պատմուածքներէն մեծապէս ազդուելով ու ներշնչուելով՝ սկսայ գրել։ Նախընտրելի ստեղծագործութիւններս են՝ Տոսթոեւսքիի՝ «Սպիտակ գիշերներ»ը, զոր կրկին պիտի կարդամ, «Յանցանք եւ պատիժ»ը, «Քարամազով եղբայրներ»ը եւ այլն։

-Ո՞րն է ձեր վրայ մեծ ազդեցութիւն թողած գիրքը։

-Գիրք ըլլալով չեմ յիշեր, սակայն բաւականին տպաւորուած եմ Վիքթոր Հիւկոյի հետեւեալ բանաձեւումէն. «Եթէ մահէ ետք ապրելու փափաք ունիք, կամ կարդալու յարիր գործեր գրեցէ՛ք, եւ կամ գրելու արժանի կեանք մը ապրեցէ՛ք»։

-Քիչ մըն ալ խօսի՞նք ձեր ընտանիքին մասին։

-Այո, ինն տարիէ ի վեր ամուսնացած եմ Ռաֆֆի Պօյաճըի հետ։ Երկու դուստր ունինք՝ եօթնամեայ Երազ Լիան ու հնգամեայ Լորա Լուսինը։ Գատըգիւղ կը բնակինք։ Ամուսինս առեւտուրով կը զբաղի։

-Ո՞րն է այն մեծագոյն խրատը, զոր տուած էք, կու տաք ձեր դստրիկներուն։

-Հետեւեցէ՛ք ձեր երազներու, նպատակներու իրականացման։

-Ի՞նչ է ընտանիքը։

-Ընտանիքը կեանքի կենարար աղբիւրն է։ Ես պարզապէս ի զօրու չեմ, գէթ պահ մը պատկերացնել կեանքս առանց իմ փոքրիկ հրեշտակներուս, առանց սիրելի ամուսնոյս եւ վերջապէս առանց ծնողքիս։ Մայրանալէ ետք, աւելի ու աւելի սկսայ արժեւորել կեանքս, ընտանիքս։

-Լետա, ո՞րն է ձեր կեանքի ամենէն յիշարժան օրը։

-Յետաձգեալ հարսանիքիս օրը՝ մեծ հայրիկիս մահը։ Մինչեւ այսօր յիշողութեանս մէջ թարմ է այն ազդու, սահմռկեցուցիչ տեսարանը, երբ մահուան շեմին հասած սիրելի մեծ հայրս վերմակի մը մէջ անտարբերութեամբ՝ անպէտ իրի մը պէս, ինչպէս շտապօգնութեան ինքնաշարժ կը տեղափոխէին։

-Ո՞վ է Լետա Պօյաճըն։

-Կեանքին, ընտանիքին ամուր կապանքներով շղթայուած կին մը, որ կը սիրէ գեղեցկութեան մէջ ապրիլ ու արարել։

-Դուք կը սիրէ՞ք երազել, ո՞րն է ձեր մեծագոյն երազը կամ նպատակը։

-Շատ կը սիրեմ երազել։ Մեծագոյն երազս էր գիրք մը գրել։ «Երկու շաքարով» պատմուածքներու ժողովածոյի հրատարակութեամբ խանդավառուած, նպատակադրուեցայ նուաճել նորանոր բարձունքներ. այն է նոր գիրք մը գրել, խորասուզուիլ գրական աշխարհի մէջ։

-Ո՞րն է ձեր կեանքի ամենէն գեղեցիկ շրջանը։

-Համալսարանական՝ ուսանողութեան տարիները, զորս այսօր շատ կը կարօտնամ։ Այժմ 35 տարեկան եմ, վստահ եմ, թէ այսուհետ կեանքը ինծի աւելի ջերմ պիտի ժպտայ։ Տակաւին բազում երփներանգ գարուններ պիտի բացուին ինծի համար, մէկ խօսքով, 35-էն ետք պիտի սկսիմ կեանքը վայելել։

-Ո՞րն է ձեր նախընտրելի եղանակը։

-Ամառը, քանզի ծով ու արեւ շատ կը սիրեմ։

-Լետա, որո՞նք են ձեր կեանքի մեծագոյն ձեռքբերումները եւ բացթողումները։

-Մեծագոյն ձեռքբերումս երեխաներս են, բացթողումն ալ՝ թերեւս անգլերէնի ուսուցչուհի ըլլալը, որ պատանեկութեանս վաղեմի փափաքն էր։

-Մարդկութեան համար ինչպիսի՞ աշխարհ մը կը գերադասէիք։

-Խաղաղութեամբ ու համերաշխութեամբ լեցուն աշխարհ մը, ուր մարդիկ համահաւասար կ՚ապրէին, հարստութիւնն ու աղքատութիւնն ալ ի սպառ կը բացակայէր։

-Արդեօք կա՞յ մէկը, զոր շատ կը կարօտնաք։

-Մեծ հայրիկս։

-Վախեր ունի՞ք։

-Սիրելիներս, մասնաւորապէս կը սարսափիմ ընտանեկան պարագաներս օր մը կորսնցնելէ։

-Ունի՞ք իրեղէն մը, որ միշտ ձեզի հետ է։

-Անշուշտ ունիմ՝ հեռաձայնս։

-Կա՞յ իրադարձութիւն մը, որ լիովին փոխեց ձեր կեանքը։

-Այժմ ճիշդ կիզակէտին վրայ կը գտնուիմ։ «Երկու շաքարով» պատմուածքներու ժողովածոյէն ետք կեանքս 180 աստիճան փոխուեցաւ։ Վերջերս քանի մը կարեւոր աշխատանքային առաջարկներ ստացայ։

-Լետա, դուք կեանքի կարգախօս ունի՞ք։

-Այո, այն, ինչ որ փոքրիկ հրեշտակներուս կը խրատեմ՝ հետեւէ՛ երազներուդ, նպատակներուդ իրականացման։

-Եթէ օր մը անտեսանելի ըլլայիք, ի՞նչ կ՚ընէիք։

-Կը հետապնդէի, թէ ինչպէս առանց ինծի կ՚անցնի ամուսնոյս ու դստրերուս առօրեան։

-Եթէ ժամանակի ճամբորդ ըլլայիք, անցեալի կամ ապագայի ո՞ր ժամանակահատուածը կը փափաքէիք այցելել կամ նոյնիսկ ապրիլ։

-Երբեմն անհամբերութենէ դրդուած կը փափաքիմ ժամանակէն առաջ անցնիլ։

-Լետա, դուք երկու կախարդական փայտիկ ունիք, մէկը ձեզի կը պատկանի, միւսը որո՞ւ կու տայիք։

-Առանց վարանելու՝ ամուսնոյս։

-Ամբողջացուցէ՛ք հետեւեալ նախադասութիւնը՝ կեանքը ինծի համար անիմաստ կ՚ըլլար, եթէ…

-Եթէ չմայրանայի, եթէ զաւակներս չըլլային։

-Հայաստան այցելա՞ծ էք։

-Ցաւօք սրտի տակաւին առիթ չունեցայ, սակայն շատ կը փափաքիմ եւ ապագային անպայման պիտի այցելեմ։ Ամուսինս՝ Ռաֆֆին քանի մը անգամ այցելած է։

-Կարո՞ղ էք սահմանել հայու ձեր բնութագիրը. ըստ ձեզի՝ ո՛վ է հայը։

-Բազում տառապանքներու մէջէն անցած մեր օրերուն հասած, գոյութեան համար պայքարող ազգ մը։

-Ո՞վ է ձեր սիրելի մեծ հայը։

-Պետրոս Դուրեանը։

-Ի՞նչ բան ձեզի կը պակսի կատարելապէս երջանիկ ըլլալու համար։

-Կատարեալ երջանիկ կ՚ըլլայի, եթէ քոյր կամ եղբայր ունենայի։

-Լետա, ո՞րն է ձեր սիրելի շարժանկարը։

-Ազատ ժամանակներուս կը նախընտրեմ աւելի շատ կարդալ, գրել, քան՝ դիտել։ Թէպէտ յաճախ շարժանկար չեմ դիտեր, սակայն, ունիմ իմ նախընտրած գործերը. օրինակ՝ «Մտախաղեր»ը, «Թիթանիք»ը եւ այլն։

-Սիրելի՛ Լետա, քիչ մըն ալ խօսինք օրուան խորհուրդին մասին։ Այսօր մարտի 8-ն է՝ Համաշխարհային կանանց օրը։ Ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ կինը։

-Կինը պէտք է ըլլայ խելացի եւ ուժեղ, օրուայ իւրաքանչիւր ժամուն՝ խնամուած ու յարդարուած։

-Ի՞նչ կը մաղթէք կանանց մարտի 8-ի կապակցութեամբ։

-Մենք՝ կանայք բնութեան փխրուն արարածներն ենք, ունինք մշտական գուրգուրանքի ու սիրոյ կարիք։ Մենք գիտենք սիրել ու սիրուիլ։ Կինը նախեւառաջ՝ մայր է, կեանքի աղբիւր, արարիչ։ Այդ իսկ պատճառաւ՝ կը փափաքիմ շնորհաւորել համայն աշխարհի կիները այս գեղեցիկ օրուան առթիւ ու կը մաղթեմ՝ կանացի երջանկութիւն, խոհեմութիւն։

-Կանացի ո՞ր կերպարը ձեզի աւելի հոգեհարազատ է։

-Ես կը նախընտրեմ, ուժեղ ղեկավար կիները, կը ներշնչուիմ անոնցմէ ու կը հիանամ անոնց՝ հագուկապով, վարուելակերպի կանոններով հանդերձ։ Ես ալ կը փորձեմ այդպէս ըլլալ։

-Ինչպիսի՞ նուէրներ կը գերադասէք ստանալ։

-Ծաղիկներն ու գեղեցիկ ծաղկեփունջերը նախընտրելի նուէրներուս վերին սանդղակը կը զբաղեցնեն։

-Ըստ ձեզի, ո՞ր զարդը կ՚ընդգծէ կանացիութիւնը։

-Ըստ իս՝ օղերը, առանց օղի ինքզինքս մերկ կը զգամ։

Վստահաբար ապագային Լետա Պօյաճը շատ առիթներ կ՚ունենայ իր մասին խօսեցնելու համար։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2019