«ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ՍԱԼՈՆ-2021»

Երեւանի մէջ այս օրերուն բացուած է «Գարնանային սալոն-2021» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ կը համախմբէ գեղարուեստասէրները։ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ ձեռնարկը, որու այցելուները արուեստի աւելի քան 200 ինքնատիպ նմոյշի կը ծանօթանան։ Արուեստասէրներուն ներկայացուած են քանդակներ, կտաւներ եւ այլ ինքնատիպ ստեղծագործութիւններ։ Այս ցուցահանդէսին մասնակցութիւն բերած է աւելի քան 200 արուեստագէտ։ Ստեղծագործութիւնները Նկարիչներու միութեան երեք յարկերուն վրայ կը ցուցադրուին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բացումին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեան։

Նկարիչ Արթուր Յովհաննիսեան այս ծրագրին մասնակցութիւն բերած է Երեւանի վերաբերեալ եռանկարով մը, որ մէկ ամբողջութիւն է։ Սա վերջին ամիսներուն ծնած շարք մըն է։ «Ինչպէս կը փոխուին մարդոց տրամադրութիւնները, ընկալումները, այնպէս ալ կը փոխուի հայեացքը դէպի քաղաքը՝ կախուած իրավիճակէն, այս կամ այն իրադարձութենէն, ժամանակահատուածէն եւ այդպէս շարունակ», ըսաւ ան։

Երկուշաբթի, Մարտ 8, 2021