ԿԱՅՈՒՆ ԱՆԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի քաղաքական տագնապը կը մնայ առկայ եւ անոր այսպէս երկարաձգուիլը օրէ օր կը խորացնէ այն սպառնալիքները, զորս երկիրը կը դիմագրաւէ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։ Հասարակութեան լայն խաւերը մէկ կողմէ կը ձգտին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան հրաժարականը ապահովելու, իսկ միւս կողմէ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը կը ջանայ այդ պահանջին թարգմանը հանդիսանալ, սակայն չի կրնար ապահովել բեկումնային պահը։ Այս փակուղիին մէջ, իշխանութիւնը կը ջանայ ժամանակ շահիլ եւ երկարաձգել իր պաշտօնավարութիւնը, որու համար նպաստաւոր գործօն մը դարձած է առանց կառավարութեան հրաժարականին՝ արտահերթ ընտրութիւն մը կազմակերպելու առաջարկը։ Սա գործնականօրէն թէեւ ոչինչ կը նշանակէ, սակայն ուժերու առկայ յարաբերակցութեամբ վերածուած է ազդակի մը, որ կ՚երկարաձգէ Փաշինեանի իշխանութիւնը՝ հանրային նուազ զօրակցութիւն չունենալու պատրուակով հանդերձ։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը շաբաթավերջին հերթական հանրահաւաքն ու բողոքի երթը կազմակերպեց Երեւանի մէջ։ Ընդդիմութեան կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ուշագրաւ կոչով մը։ Այսպէս, Վազգէն Մանուկեան խօսք ուղղեց երկրի այն խաւերուն, որոնք թէեւ կը ձգտին Փաշինեանի հրաժարականին, սակայն չեն համակրիր կամ համամիտ չեն այս ընդդիմադիր խմբաւորման։ Մանուկեան յայտնեց, որ այդ շրջանակները պէտք է «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»էն անկախ կազմակերպուին հասնելու համար հրաժարականի նպատակին։ Իր կարգին, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի մասնակից Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան յառաջատար դէմքերէն Արմէն Աշոտեանն ալ հանդէս եկաւ գրառումով մը։ Աշոտեան, որ նախկին նախարար մըն է, համոզուած է, թէ իրականութեան մէջ Նիկոլ Փաշինեանի շահերուն կը ծառայեն այն շրջանակները, որոնք արտահերթ ընտրութիւններու օրակարգին կը նպաստեն։ «Այս իրավիճակին մէջ արտահերթ ընտրութիւնը ձեռնտու է միայն անոնց համար, որոնք ո՛չ թէ կայունութիւն, այլ՝ պաշտօն կ՚ուզեն», համոզուած է Աշոտեան։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ քաղաքական բեմահարթակի զանազան դերակատարներուն միջեւ շփումներն ալ կը շարունակուին։ Շաբաթավերջին հաւանական կը համարուէր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում մը։ Այդպիսի տեսակցութիւն մը թէեւ տեղի չունեցաւ, սակայն Արմէն Սարգսեան հիւրընկալեց ընդդիմադիր խմբաւորումէն նախկին երեսփոխան Վահրամ Պաղտասարեանը, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան յառաջատար դէմքերէն մին է։ Ընդդիմութիւնը որոշ չափով յուսախաբ է Արմէն Սարգսեանի դիրքորոշումէն՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման կառավարական հրամանագիրը Սահմանադրական ատեանի դատին չյանձնած ըլլալու պատճառով։ Ընդդիմութեան շրջանակներէն կը հասնին մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց Արմէն Սարգսեան տակաւին այդ քայլը առնելու համար ունի շատ կարճ ժամանակ մը։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» առանցքային ուժերէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վառ դէմքերէն մին՝ Իշխան Սաղաթելեանն ալ շաբաթավերջին յայտնեց, որ իրենք տակաւին տեղեակ չեն այս հարցին վերաբերեալ Արմէն Սարգսեանի վերջնական դիրքորոշումէն։ 

Մինչ այդ, ռուսական «Քոմերսանտ» հեղինակաւոր թերթն ալ մեկնաբանութիւն մը հրապարակեց Հայաստանէ ներս ստեղծուած կացութեան շուրջ։ Երկրի մատնուած տագնապը այդ վերլուծութեան շուրջ որակուած է՝ կայուն անկայունութիւն։ Ըստ ռուսական լրատուամիջոցի մեկնաբանութիւններուն, Փաշինեան ներկայիս այլ մարտավարութեան մը կը հետեւի։ Ան կ՚անտեսէ հեռանալու կոչերը եւ իր կողմնակիցները հրապարակ դուրս կը բերէ, երբ կ՚ուզէ ցոյց տալ, որ անոնց թիւը աւելի է՝ քան իր հակառակորդներուն կողմէ շարժման անցուած զանգուածը։ Փաշինեան զուգահեռաբար կը բանակցի արտահերթ ընտրութիւններու շուրջ զանազան կուսակցութիւններու հետ։ Իր նպատակն է այնպէս մը ընել, որ խորհրդարանի լուծման պարագային արտահերթ ընտրութիւնները կատարուին իր պայմաններով։ Այսինքն, առանց Վազգէն Մանուկեանի գլխաւորած ժամանակաւոր կառավարութեան ընտրութեան ձեռնարկել կը ծրագրէ Փաշինեան, ինչ որ կը նշանակէ գործընթացի իր կողմէ վերահսկուիլը։

Երեւանէն վերլուծաբաններու կարծիքին ալ տեղ տրուած է «Քոմերսանտ»ի հրապարակման մէջ։ Այսպէս, անոնք համոզուած են, թէ Հայաստանի հասարակութեան մեծամասնութիւնը ներկայ տագնապը կ՚ընկալէ՝ որպէս նախկին ու ներկայ վերնախաւերու հակամարտութիւնը։ Իրականութեան մէջ, կողմերը ստեղծուած իրավիճակին մէջ պէտք է շօշափելի լուծումներ, դրական օրակարգ առաջարկեն։

ԱՐՏԱԳԱՂԹ

Միւս կողմէ, թրքական լրատուամիջոցներն ալ կը շարունակեն անդրադառնալ Հայաստանի իրադարձութիւններուն։ Տեղական զանազան թերթեր այսօր տեղ տուած են Հայաստանի օրակարգին վրայ եկած կարեւոր մարտահրաւէրի մը՝ արտագաղթի նոր ալիքի մը հարցին։ Այսպէս, հայ զանազան մասնագէտներու կանխատեսումներուն հիման վրայ նշուած է, որ ըստ վերջին տուեալներուն՝ երկիրը կրնայ լքել 200-400 հազար հոգի։ Արտագաղթել ծրագրածներու առաջին հասցէն է Ռուսաստանը։ Սա կը նշանակէ, որ երկիրը կը դիմագրաւէ նաեւ ժողովրդագրական աղէտի մը սպառնալիքը։

Երկուշաբթի, Մարտ 8, 2021