ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿԱՆԱՆՑ ՕՐԸ

«Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար։ Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը»։
Զապէլ Եսայեան

Մարտի 8-ն է այսօր. Համաշխարհային կանանց օր։ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած եւ անցնող տասնամեակներու ընթացքին աշխարհի չորս ծագերուն՝ իր պատգամով ու խորհրդանշած իմաստով լայն ընդունելութեան արժանացած օր մը… Աշխատաւոր կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար հաստատուած այս աւանդութեան նշանակութիւնը տարիներու հոլովոյթին մէջ զարգացած է։ Թէեւ այդ իրաւունքներու երաշխաւորման հարցը միշտ կը մնայ այժմէական, սակայն մարդկային մտքի զարգացման եւ հասարակութիւններու եղափոխութեան ընթացքին զուգահեռ՝ կանանց վերաբերեալ հարցերը, զգայնութիւնները կ՚արծարծուին նոր մտայնութեամբ, նոր մօտեցումներով ու նոր դրսեւորումներու լոյսին տակ։

Կանանց իրաւունքներու հարցը թէեւ ունի ընդհանրական բնոյթ, ձեւով մը հասարակաց յայտարար մը կը համարուի, սակայն աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ կ՚ընկալուի տարբեր առաջնահերթութիւններով, ուրոյն շեշտադրումներով եւ տուեալ միջավայրի յիշողութիւնով պայմանաւորուած ինչ-ինչ հանգամանքներով։ Պարագան նոյնն է նաեւ հայ իրականութեան տեսակէտէ։ Հայ ժողովուրդը, որ աշխարհի վրայ իսկապէս ինքնուրոյն պայմաններով կը գոյատեւէ, իգական սեռի խնդիրներուն համապատասխան վերաբերմունք ցոյց տուած եւ բովանդակութիւն վերագրած է։ Հայոց բնօրրանը հանդիսացած աշխարհագրութենէն ներս կանանց իրաւունքներու հարցերը վաղուց մասնաւոր օրակարգ հանդիսացած են։ Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին կարեւոր ոստումներ ըրած է՝ մանաւանդ իգական սեռի կրթութիւնը ապահովելու, անոր դաստիարակութիւն ջամբելու տեսակէտէ։ Այդ ջանքերը խրախուսած են հայ ընտանիքի առողջ յարատեւումը, ինչ որ ամբողջ ժողովուրդի մը գոյատեւման տեսակէտէ առանցքային գործօն հանդիսացած է։ Հայ ժողովուրդի ընկերային կեանքին տեսակէտէ այս երեւոյթը նախախնամական դեր խաղացած է։

Կանանց խնդիրներու ընկալման եւ արդի մօտեցումներով անոնց լուծման հետամուտ ըլլալու վճռակամութեան տեսակէտէ՝ տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ խորհրդանշական անուն մը, պատգամաբեր մը դարձած է Զապէլ Եսայեան։ Հայոց մօտ կանանց շարժման ռահվիրաներէն մին է ան, որ իր ապրած ժամանակաշրջանին այս խնդիրները այնպիսի տեսանկիւնէ մը դիտարկած եւ անոնց մասին այնպիսի կանխատեսումներ ըրած է, որ իւրաքանչիւր քայլափոխին իր մօտեցումները, իր կանխատեսումները բիւրեղացած են, վերահաստատուած։

Հայ ժողովուրդը այսօր ալ իր պատմութեան ամենածանր մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման կը գտնուի՝ մասնաւորապէս, Արցախի պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած առկայ աղիտալի միջավայրին մէջ։ Սա միայն Հայաստանով սահմանափակուած մարտահրաւէր մը չէ։ Հայոց նման փոքրաթիւ ժողովուրդի մը պարագային, նորահաս սերունդէ հազարաւոր երիտասարդներու կորուստը, նահատակութի՛ւնը, համատարած ահազանգ մըն է։ Այս իրավիճակի յաղթահարման համար անհրաժեշտ է համընդհանուր զօրաշարժ, որու առանցքին անվիճելիօրէն դեր կը վիճակի իգական սեռին։ Եւ այս փուլին ալ այժմէական են Զապէլ Եսայեանի պատգամները, որոնք ո՛չ միայն կը վերահաստատուին ժամանակներու մէջ, այլեւ՝ ժամանակներու պատգամաբերը կը հանդիսանան մերօրեայ իրավիճակին մէջ եւ հաւաքական նոր վերելքի ճանապարհին կը դառնան իմաստութիւն, ուղեցոյց, ինքնավստահութեան գործօն եւ հաստատակամութեան աւիշ։

ՎԵՀԱՓԱՌԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ հրապարակեց շնորհաւորական մը։ Մարտի 8-ի առթիւ Վեհափառ Հայրապետը նշած է հետեւեալը.

«Անփոխարինելի է կնոջ դերը ընտանիքի ամրութեան, քրիստոնէական արժէքներով եւ հայրենեաց աւանդներով մեր զաւակները կրթելու գործին մէջ։ Յետպատերազմեան այս դժուարին օրերուն, երբ մեր երկիրը կը շարունակէ փոթորկուիլ ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներով, վստահութիւն ունինք, որ մեր ժողովուրդը վերստին իր խաչի ճանապարհը պիտի հասցնէ մինչեւ յաղթական յարութիւն։

«Սիրելի մայրեր եւ քոյրեր, մեր մաղթանքն է, որպէսզի դուք յոյսի ու մխիթարութեան մէջ դիմաւորէք մեծարանքի այս տօնը։ Կ՚աղօթենք, որ Տէրը Սուրբ Հոգւոյ սփոփանքը պարգեւէ պատերազմի ծանր կորուստներու միջով անցած մեր մայրերու ու քոյրերու, ուժ ու կորով հաղորդէ համայն մեր ժողովուրդին համակամ սիրով կերտելու լուսաւոր ու բարօր կեանքը հայրենիքի»։

Երկուշաբթի, Մարտ 8, 2021