ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԱՆԹԱԼԻԱ

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։

Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի մթնոլորտին մէջ այս նիւթին վերաբերեալ սպասումը միջոցէ մը ի վեր հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ էր։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը տեղեկացուց նախարարի մասնակցութեան որոշումը։ Ուստի, Արարատ Միրզոյեան այս շաբաթավերջին պիտի գայ Թուրքիա։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2022