ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԶՕՐՔԵՐԸ ՔԻԵՒԷՆ 5 ՔՄ. ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Ուքրայնայի պատերազմը կը շարունակէ մնալ միջազգային օրակարգի թիւ մէկ նիւթը։ Երէկ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատուիրակութիւններուն միջեւ տեղի ունեցաւ բանակցութիւններու երրորդ փուլը, զուգահեռաբար մարդասիրական հրադադար հաստատուեցաւ։ Այսպէս, Ուքրայնայի հինգ քաղաքներէն ներս ժամանակաւոր այս հրադադարով սկսաւ քաղաքային բնակչութեան տարհանումը։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, ռուսական զօրքերը արդէն կը գտնուին մայրաքաղաք Քիեւի 5 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Ամէն վայրկեան շարժման կրնայ անցնիլ Ռուսաստանի բանակը։ Ուստի, աննախընթաց պատրաստութիւններ տեղի կ՚ունենան Քիեւի մէջ՝ դիմադրութիւն մը կազմակերպելու համար։ Ուքրանական բանակի հրասայլները արդէն հերթապահութիւն իրականացնել սկսած են մայրաքաղաքի կեդրոնին։

Միջազգային հաւաքականութիւնը կը շարունակէ անընդհատ ջանքեր գործադրել պատերազմը կասեցնելու համար՝ մինչ Արեւմուտքը, յամենայնդէպս, կը խստացնէ իր դիրքորոշումը Ռուսաստանի դէմ։ Երէկ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց եւ Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսըն ունեցան տեսաժողով մը։ Հեռավար խորհրդակցութեան ընթացքին անոնք համաձայն գտնուեցան շարունակելու համար Քիեւի ի նպաստ օժանդակութիւնները՝ ներառեալ ռազմական։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն, որ անընդհատ կապի մէջ է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, հանդէս եկաւ յոռետես յայտարարութիւններով։ Իր խօսքով՝ Փութինի հետ քննարկումները բարդ են եւ մօտաւոր ապագային դժուար թէ քաղաքական լուծում մը գտնուի։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ուքրայնայի Արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրօ Քուլեպա այս շաբաթավերջին պիտի մասնակցին Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու պիտի մէկտեղէ զանոնք, ինչ որ խաղաղութեան համար յոյս մըն է։ Քուլեպա յայտնեց, որ եթէ Փութին վախ մը չունի, ապա թող նստի ու խօսի Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։

Ըստ զանազան վերլուծութիւններու, ներկայիս Մոսկուա ունի հինգ հիմնական ձգտում։ Այսպէս, ռուսական կողմը կը թիրախաւորէ Ուքրայնայի ռազմաարդիւնաբերական կառոյցները, գիւղատնտեսութեան տարածքները, ածուխի հանքերը, նաեւ կը ջանայ հասնիլ Սեւ ծովու վերահսկողութեան եւ հաւասարակշռել իր ընդհանուր բնակչութեան մէջ սլաւներու կազմած տոկոսը։

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2022