«ԲԱԳԻՆ» ՀԱՆԴԷՍԻ 60-ԱՄԵԱԿԸ

Կը տեղեկանանք, որ «Համազգային» Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պաշտօնաթերթը՝ «Բագին» կ՚ողջունէ յոբելենական շրջան մը։ Գրական-գեղարուեստական այս հանդէսը արդէն անցեալ տարի բոլորած է իր հիմնադրութեան 60-ամեակը։ Սփիւռքի ու Հայաստանի միջեւ գրական կամուրջ մը հանդիսացած եւ աւելի քան վեց տասնամեակ արեւմտահայ դասական ու ժամանակակից գրողները համախմբած «Բագին»ը գրական, գրաքննադատական, իմացական ու գեղարուեստական իր բովանդակութեամբ կը հանդիսանայ նաեւ երիտասարդ մտաւորականութեան եւ նորարար միտքի հարթակ մը:

Անցնող տասնամեակներուն բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով՝ «Բագին» հրապարակած է աւելի քան 40 հազար էջ գրականութիւն ու կը շարունակէ թիավարել հոսանքն ի վեր, կը շրջանցէ մերօրեայ դժուարութիւնները՝ տնտեսականէն մինչեւ սերնդափոխութիւն ու աւելի՛ն։

«Բագին» ժամանակին հետ քայլ պահելով, կարելի բոլոր միջոցներով հասանելի կը դառնայ իր ընթերցողներուն։ Ըստ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի հաղորդումներուն, «Բագին»ի խմբագրութիւնը տեղեկացուցած է, որ 60-ամեակի յոբելենական շրջանին կեանքի կը կոչէ նոր ծրագիր մը։ Այսպէս, մշակուած է «Բագին մատենաշար» նախագիծը, որ կը միտի հարստացնել հայ գրականութեան շտեմարանը՝ լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս սփիւռքեան գրական-քննադատական աշխատութիւնները, որոնցմէ պիտի կարենան օգտուիլ ուսումնասիրող մտաւորականութիւնն ու գրասէր հանրութիւնը:

«Բագին»ի 60-ամեակին առիթով հիմնադրուած այս մատենաշարը կը սկսի յիսնամեակի մը վրայ ցրուած՝ սփիւռքահայ մտաւորական Յարութիւն Քիւրքճեանի վաստակէն ընտրուած յօդուածներու համախմբումով մը՝ «Սփիւռք եւ ինքնացում-(Սփիւռքահայ կացութիւն եւ գրականութիւն-վերլուծումներ)»: Հատորը կը մէկտեղէ հեղինակին բազմաթիւ յօդուածներէն փունջ մը, որ կը յղուի որոշ ժամանակահատուածի մը եւ անոր իւրայատուկ՝ սփիւռքեան գոյութենական հարցադրումներու խորքի մը, այլին հետ միջյարաբերութիւններու ընդելուզումի մը ընդմէջէն սփիւռքը վերածելու մտածումի վայրի մը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2023