ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ՎԵՐԱՐԾԱՐԾՈՒՄԸ

Գերմանիոյ վարչապետին կատարած յայտարարութիւնը գրաւած է բոլոր լուսարձակները: Երկար ատենէ ի վեր միջազգային նման մակարդակէ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրաւադրոյթը չէր հնչած՝ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք:

Ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի բարձրաձայնումը եւ զայն հաւասարազօր նկատելը՝ տարածքային ամբողջականութեան հիմնադրոյթին, ըստ էութեան, ԵԱՀԿ-ի Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի հիմնարար սկզբունքներու կարեւորագոյն եռակէտին կ՚անդրադառնայ: Աւելի մասնակի՝ Մատրիտեան սկզբունքներուն, ուր փոխզիջման առանցքային բանաձեւը հիմնուած էր կարգավիճակ՝ տարածքներու դիմաց յարաբերակցութեան վրայ, նկատի առնելով տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքները:

44-օրեան իրողապէս տապալեց բանակցային այս դրուածքը, իսկ Ուքրայնայի պատերազմը խորքին մէջ չէզոքացուց, չըսելու համար՝ չեղարկեց, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահական միջնորդութիւնը՝ անհնարին դարձնելով Ռուսաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու Ֆրանսայի համատեղ գործակցութիւնը:

Հիմա Գերմանիոյ վարչապետը կը վերարծարծէ այն սկզբունքները, որոնց շուրջ կ՚աշխատէին ԵԱՀԿ-ն ու Մինսքեան խմբակը:

Դժուար է եզրակացնելը, որ նման յայտարարութեամբ Պերլին կ՚ուզէ վերագործարկել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափը՝ աւանդական հասկացութեամբ: Գերմանիան ԵՄ-ի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր ճարտարապետներէն է եւ գործնապէս կը սատարէ տարածաշրջանէն ռուսական գործօնի դուրսմղման աշխարհաքաղաքականութեան:

Ուրեմն յայտարարութիւնը պէտք է փորձել դիտարկել ԵՄ-ի առած քայլերու ընդհանուր տրամաբանութեան պարունակին մէջ:

Այսպէս, «Սթաթիւքոն (կարգավիճակը) չի կրնար շարունակուիլ եւ պէտք է երկարաժամկէտ լուծման յանգիլ՝ ի բարօրութիւն մարդկանց: Այս տեսանկիւնէն անհրաժեշտ է հասնիլ խաղաղ հանգուցալուծման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի տեսանկիւնէն: Ընդ որում, այդ բոլոր սկզբունքները հաւասարազօր են»:

Ներկայ սթաթիւքոն անընդունելի է Գերմանիոյ վարչապետին համար: Ագուցելով այս հաստատումը արծարծուած հիմնական սկզբունքին՝ ինքնորոշման իրաւունքին, նման անընդունելիութիւն կը վերաբերի Շուշիի եւ Հադրութի բռնագրաւումին՝ քանի որ ինքնորոշման տարածքը Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզն (Սովետական շրջանի) է:

Գերմանիոյ եւ Եւրոմիութեան հայեցակէտը, այս իրողութեան առընթեր, կրնայ այլ բան մը եւս յուշել: Սթաթիւքոյի ստեղծման հիմքը հրադադարի յայտարարութիւնն է, ուր յստակ է հիմնական ճարտարապետը, միջնորդը, երաշխաւորը՝ մանաւանդ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնողը: Պերլին այս ձեւով պաշտօնապէս անընդունելի կը նկատէ նաեւ այսօրուան սթաթիւքոյի հիմնական երաշխաւորին դերակատարութեան շարունակութիւնը: Յայտարարութեան մղիչ գործօնի տեսանելիութիւնը աւելի կը յստականայ այս ձեւով:

«Անհրաժեշտ է հասնիլ երկարատեւ խաղաղութեան»ը կ՚ենթադրէ խաղաղութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններ: Բնականաբար, Պերլինի ներկայացուցիչը կողմ է Պրիւքսելի բանակցութիւններուն, որոնք առայժմ կ՚ընթանան Մոսկուայի միջնորդութեան զուգահեռ եւ որոնք վաղը կրնան ուղղակի հակադրուիլ այսօրուան սթաթիւքոյի խաղաղապահութիւնը ստանձնողին:

Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի վերարծարծումը նշաձողի ճիշդ աստիճանաչափի վերաճշդումն է Գերմանիոյ կողմէ: Գերմանիան ԵՄ-ի ընդհանուր քաղաքականութեան համահունչ յայտարարութիւն մը ըրած է: Հայկական կողմը անպայման պէտք է հաշուարկէր, որ աշխարհաքաղաքական բախումնային կէտերու մէջ ինքնորոշման իրաւունքի առաջադրանքը կրնար վերայայտնուիլ իբրեւ երկարատեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու իրաւադրոյթ՝ հաւասարազօր, ըստ Գերմանիոյ ներկայացուցիչին՝ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին: Առ այդ, աճապարանքը՝ յայտարարելու, թէ միջազգային հանրութիւնը հայկական կողմէն կ՚ակնկալէ նշաձողի իջեցում, նուազագոյն ըսելաձեւով քաղաքականօրէն սխալ քայլ է:

Լրատուական շրջանառութեան մէջ երեւցաւ նիւթ մը, ուր կ՚ըսուէր, որ Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերի տեղակալը յայտարարած էր, թէ Արցախի հարցով Պերլինի դիրքորոշումը չէ փոխուած: Գերմանիա միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքային ամբողջականութիւններու սկզբունքին վրայ կոչ կ՚ընէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ խաղաղօրէն լուծելու հակամարտութիւնը: Այս յայտարարութիւնը կը բացակայէր Գերմանիոյ թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքերէն: Չի բացառուիր, որ փոխ-բանբերը նման յստակացում կատարած ըլլայ ի պատասխան լրագրողի մը հարցումին:

Շոլցի յայտարարութիւնը կրկնուելու պարագային ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի վերարծարծման քայլին մէջ կ՚արձանագրուի համատեղում ԵՄ-ի եւ հայկական կողմի շահերուն: Այդ պարագային յայտարարութիւնը հայկական կողմին համար յաղթաթուղթի հանգամանք կրնայ ունենալ՝ գիտակցելով, որ գերմանական հայեցակէտը այստեղ ռուսական գործօնով ստեղծուած սթաթիւքոն մերժելն է եւ սթաթիւքոյի երաշխաւորին դուրս մղումը Հարաւային Կովկասի գործընթացներէն:

Աշխարհաքաղաքական բախման այս կէտերը նկատի ունենալով է, որ հայկական կողմը պարտի կիրարկել շատ նուրբ դիւանագիտութիւն՝ ապագայ ցնցումներէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2023