ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՉԿԱՅ

Մինչ Արցախը կը շարունակէ մնալ պաշարուած՝ մարդասիրական ծանրածանր հետեւանքներով, շաբաթավերջին Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարուած յարձակումը արդէն ստեղծուած տագնապը բոլորովին նոր հարթութեան մը վրած դրած է։ Ներկայիս Արցախի իրավիճակին վերաբերեալ ուշադրութեան կիզակէտը դարձեալ մարդասիրականէն դէպի անվտանգութեան, հրադադարի խախտումին եւ մեծ հաշուով՝ բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութեան սահած է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ միջազգային յառաջատար դերակատարները կը շարունակեն իրենց նախաձեռնութիւնները՝ մինչ Պաքուի ղեկավարութիւնը կը մնայ անդրդուելի։ Ատրպէյճան կը շարունակէ յամառօրէն պնդել, որ Լաչինի միջանցքի պարագային պէտք է հաստատուի վերահսկողութեան դրութիւն մը։ Հայկական կողմի մօտեցումները տրամագծօրէն կը հակադրուին այդ պահանջին։ Իսկ Ատրպէյճան, այս հակասութեան ընդառաջ օրակարգի վրայ կը բերէ սպառնալիքներ, ինչ որ լայնօրէն արձագանգ կը գտնէ հայկական լրահոսին մէջ այս օրերուն։

Հարաւային Կովկասէ ներս ստեղծուած ալեկոծեալ մթնոլորտի պայմաններուն ներքեւ, Ուաշինկթընէն ալ իրերայաջորդ յայտարարութիւններ կը հնչեն՝ Արցախի հիմնախնդրին եւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներուն կապակցութեամբ։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօ, որ այս օրերուն տարածաշրջանային այցելութիւն մը կ՚իրականացնէ, երէկ հիւրընկալուեցաւ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ամերիկացի դիւանագէտը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ այլ պաշտօնատարներու կողմէ։ Նոյնպէս այս օրերուն Երեւանի մէջ է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահը՝ Պրիս Ռոքֆոյ, որ եւս երէկ տեսակցեցաւ Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Այս հանդիպման ընթացքին Գրիգորեան շեշտեց, որ Արցախի մէջ եւ Լաչինի միջանցքէն ներս միջազգային ներկայութիւնը կը համարուի անհրաժեշտ։ Իսկ Լուիս Պոնոյի հետ տեսակցութեան ընթացքին կողմերը քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման եւ անոր հետեւանքներուն։ Թէ՛ Արմէն Գրիգորեան եւ թէ Երեւանի ղեկավարութեան միւս ներկայացուցիչները ամերիկացի դիւանագէտին հետ զրուցելու ժամանակ շեշտեցին, որ դէպի Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք խումբի մը գործուղումը դարձած է անհրաժեշտ։

Լուիս Պոնոյի տարածաշրջանային այցելութեան զուգահեռ՝ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Նէտ Փրայսն ալ երէկ հերթական անգամ յայտարարութիւններ ըրաւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան շուրջ։ Ան տեղեկացուց, որ Ուաշինկթըն կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղէ ներս պատահած հրաձգութեան վերաբերեալ հաղորդումներուն եւ կ՚ընդգծէ, որ հակամարտութիւնը չի կրնար ռազմական լուծում ունենալ։ «Մենք կը հետեւինք մարտի 5-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած հրաձգութեան մասին հաղորդագրութիւններուն։ Հինգ մարդու կեանք խլած են դէպքերը։ Կը ցաւակցինք վիրաւորներուն եւ զոհերու ընտանիքներուն։ Հակամարտութիւնը չի կրնար ունենալ ռազմական լուծում եւ վէճերը լուծելու համար ուժի կիրառումը երբեք ընդունելի չէ։ Խաղաղութիւնը պահպանելու միակ ճանապարհը բանակցութիւններու սեղանի շուրջ է, իսկ ուժի կիրառումը կը խաթարէ բանակցութիւնները», ըսաւ ամերիկացի բանբերը եւ աւելցուց, որ Լուիս Պոնօ կը գտնուի տարածաշրջանին մէջ եւ յառաջ շարժուելու միակ ճանապարհը ուղիղ երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնն է։ «Ինչպէս ընդգծած է պետական քարտուղարը, ԱՄՆ հաւատարիմ է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղ բանակցութիւններուն», աւելցուց ամերիկացի դիւանագէտը եւ հերթական անգամ շեշտեց Ուաշինկթընի տեսակէտէ կողմերու միջեւ շարունակական ուղիղ երկխօսութեան եւ քննարկման կարեւորութիւնը։ «Մենք երկու երկիրներու համար ալ գործընկերոջ դեր կատարած ենք՝ նպաստելով եռակողմանի հիմքով երկխօսութեան արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ, ինչպէս նաեւ բարձրագոյն ղեկավարներու մակարդակով։ Մենք պատրաստ ենք ըլլա՛յ երկկողմանի, ըլլայ եռակողմանի կամ բազմակողմանի ձեւաչափով շարունակել՝ որպէս գործընկեր հանդէս գալ տեւական խաղաղութեան ամրապնդման ուղղեալ ջանքերը յառաջ մղելու գործին մէջ», աւելցուց Նէտ Փրայս։

Բաց աստի, ամերիկացի բանբերը իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ իր երկիրը չի պատրաստուիր դէմ հանդէս գալ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս կարգաւորման միջնորդական որեւէ առաջարկի։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցման, թէ ինչո՞ւ կարգաւորման ուղղեալ Արեւմուտքի ջանքերը աւելի նախընտրելի են ռուսականէն։ Ի պատասխան Նէտ Փրայս ըսաւ. «Սա կողմերուն ուղղուած հարց մըն է եւ մենք չենք պատրաստուիր դէմ հանդէս գալ միջնորդութեան որեւէ այլ առաջարկի եւ, ըստ էութեան, մենք միջնորդ չենք։ Մենք երկու երկիրներու գործընկերն ենք։ Կը կարծեմ՝ մենք թէ՛ խօսքով, թէ՛ գործով ցոյց տուած ենք երկու երկիրներու հետ մեր յարաբերութիւններու բնոյթը, երկու երկիրները միաւորելու կարողութիւնը, մեր կամքն ու պատրաստակամութիւնը՝ օգնելու յաւելեալ յառաջընթաց ապահովել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ։ Այս ջանքերուն նպատակն է հակամարտութեան կարգաւորումը, ո՛չ թէ Ռուսաստանի հետ մրցակցութիւնը։ Մենք այս բանը չենք ըներ՝ որպէս Մոսկուայի հետ մրցակցելու միջոց։ Մենք սա կ՚ընենք՝ ձգտելով հասնիլ այս երկու երկիրներու միջեւ երկարատեւ վէճի կարգաւորման ու լուծման։ Դժբախտաբար, վէճ մը, որ հետեւողականօրէն մարդկային կեանքեր կը խլէ, ինչպէս սա տեղի ունեցաւ մարտի 5-ին։ Մեր շահը այստեղ խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնն են։ Սա կը բխի նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներու շահերէն»։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2023