ԱՒԱԳ ԵՆԹԱՍՊԱՅ ՀԱՅԿ ՔԷՇԻՇՕՂԼԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ԲԱՑՈՒԱԾ ԿՐԱԿԻՆ ԹԻՐԱԽԸ

 Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին վրայ բա­խում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ հրա­դա­դա­րը կը խախ­տուի ա­նընդ­հատ։ «Եր­կիր» հե­ռուս­տա­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­մե­նա­վեր­ջին բա­խում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան սահ­ման­նե­րու եր­կա­րու­թեամբ տե­ղա­կա­յուած զօ­րա­մա­սե­րուն մօտ։ Այս­պէս, 43-ա­մեայ ա­ւագ են­թաս­պայ Հայկ Քէ­շի­շօղ­լեան պաշտ­պա­նու­թեան տե­ղա­մա­սի մար­տա­կան դիր­քին մէջ թի­րա­խը դար­ձաւ Ատըր-պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին։

Նա­հա­տա­կեալ այս ա­ւագ են­թաս­պա­յի ե­րեք որ­դի­նե­րէն մին ներ­կա­յիս կը ծա­ռա­յէ Ար­ցա­խի մէջ, իսկ միւ­սը ռազ­մա­կան ու­սում­նա­րա­նի սան է։ 1972 թուա­կա­նի ծնունդ Հայկ Քէ­շի­շօղ­լեան Ա­րա­գա­ծոտ­նի մար­զի Նի­գա­ւան գիւ­ղէն էր, սա­կայն ըն­տա­նի­քին հետ բնա­կու­թիւ­նը հաս­տա­տած էր Աշ­տա­րակ քա­ղա­քին մէջ։ Ան զօ­րա­կո­չա­յին ծա­ռա­յու­թեան ժամ­կէ­տը ա­ւար­տե­լէ վերջ ան­ցած էր պայ­մա­նագ­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան։

Նի­գա­ւա­նի գիւ­ղա­պետ Ար­տաշ Գալս­տեան այս դէպ­քէն վերջ յայտ­նեց, թէ Հայկ Քէ­շի­շօղ­լեան ա­մուս­նա­ցած էր, ու­նէր ե­րեք որ­դի։ Ներ­կա­յիս որ­դի­նե­րէն մին Ռու­սաս­տա­նի մէջ կ՚ու­սա­նի ռազ­մա­կան ու­սում­նա­րա­նէ մը ներս։ Միւս որ­դին կը ծա­ռա­յէ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ։ Կրտսեր որ­դին դպրո­ցա­կան է՝ վե­ցե­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ։ Գիւ­ղա­պե­տի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, մեծ եւ միջ­նեկ որ­դի­նե­րը մաս­նակ­ցած են ի­րենց հօ­րը յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան։

«Ըն­տա­նե­կան վի­ճա­կը շատ ծանր էր, Աշ­տա­րա­կի մէջ կը բնա­կէին վար­ձով», ա­ւել­ցու­ցած է գիւ­ղա­պե­տը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015