ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԹՐՔԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ԱՆՈՒՆՆԵՐ
Յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, երէկ, քաղաքական կուսակցութիւնները Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին ներկայացուցին իրենց երեսփոխանական թեկնածուներուն ցուցակները։ Երկրի քաղաքական օրակարգին վրայ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դարձան թեկնածուները, որոնց շարքին կը գտնուին նաեւ թրքահայ համայնքէն դէմքեր։ Թեկնածուներու ցուցակներուն վրայ ամենաուշագրաւ անունն է ՃՀՓ-ի կողմէ առաջադրուած Սելինա Էօզուզուն-Տողան։ Կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի տնօրինութեամբ ան Իսթանպուլի երկրորդ ընտրաշրջանէն առաջին կարգի վրայ թեկնածու ցոյց տրուած է։ Այս պահու դրութեամբ արդէն կարելի է ըսել, որ իր զբաղեցուցած դիրքով Սելինա Էօզուզուն-Տողանի խորհրդարան մուտք գործելը երաշխաւորուած է։ Ան որեւէ ռիսք չունի խորհրդարան մտնելու համար, հետեւաբար այժմէն կարելի է արձանագրել, որ իրեն պիտի վիճակի պատմական առաքելութիւն մը։ Արդարեւ, երկար տասնամեակներ վերջ խորհրդարանի երդիքին տակ պիտի գտնուի հայկական արմատներով քաղաքացի մը՝ որպէս երեսփոխան։
Սելինա Էօզուզուն-Տողան ծնած է 1977 թուականին։ «Նոթր Տամ Տը Սիոն» ֆրանսական լիսէն աւարտելէ վերջ վկայուած է Կալաթասարայ համալսարանի Իրաւաբանութեան ֆաքիւլթէէն։ Ներկայիս «Պիլկի» համալսարանէն ներս մագիստրոսութեան աշխատանք կը տանի։ Հայերէնի եւ թրքերէնի առընթեր գիտէ անգլերէն եւ ֆրանսերէն։ Ամուսնացած, զաւակի մը տէր Սելինա Էօզուզուն-Տողան կ՚աշխատի իրաւաբանական մասնաւոր գրասենեակի մը մօտ։ Ան դուստրն է Պաքըրգիւղի նախկին փոխ-քաղաքապետ Երուանդ Էօզուզունի։ Իսկ իր ամուսինն է Էրտալ Տողան, որ նոյնպէս իրաւաբան է եւ անմիջականօրէն կը զբաղի հանգուցեալ Հրանդ Տինքի դատավարութեամբ։ Տեղական մամուլն ալ լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանայ Սելինա Էօզուզուն-Տողանի թեկնածութեան եւ այս ծիրին մէջ կը շեշտուի, որ իր հայրը՝ Երուանդ Էօզուզուն եղած է վաղեմի ՃՀՓ-ական մը։
Թեկնածու առաջադրուելէ վերջ Սելինա Տողան զանազան թերթերու տուած հարցազրոյցներուն մէջ ընդգծած է, որ իր պարագան ապացոյց մըն է ՃՀՓ-ի մօտ ապրուած փոփոխութեան համար։
Սելինա Տողան շեշտած է, որ խորհրդարանէ ներս երկար տասնամեակներէ ի վեր հայկական արմատներով երեսփոխան մը չէ գտնուած։ Ինք պիտի փորձէ ըլլալ ձայնը ո՛չ միայն հայերուն, այլ նաեւ այն բոլոր խոցելի խմբակներուն, որոնք հնարաւորութիւն չեն ունենար իրենց ձայնը լսելի դարձնելու։
Սելինա Տողանի առընթեր թեկնածուներու ցուցակներուն վրայ ուշադրութիւն կը գրաւէ եւս երկու անուն։ Առաջինն է Կարապետ Փայլան եւ երկրորդը՝ Մարգար Էսաեան։ Երկուքն ալ ծանօթ անուններ են։ Եշիլգիւղի վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Փայլան թեկնածու առաջադրուած է ՀՏՓ-ի կողմէ։ Իսթանպուլի Գ. ընտրաշրջանէն ան թեկնածու ցոյց տրուած է երկրորդ կարգի վրայ։ Եթէ այս կուսակցութիւնը յաջողի յաղթահարել նուազագոյն քուէներու պատնէշը, ապա շատ հաւանական է, որ Կարապետ Փայլանն ալ ընտրուի երեսփոխան։ Հարկ է նշել, որ ՀՏՓ-ի ցուցակին վրայ թեկնածու առաջադրուած են նաեւ Մուրատ Մըխճը եւ Ֆիլոր Ուլուք Պենլի։
Հրապարակագիր-հեռուստամեկնաբան Մարգար Էսաեանն ալ թեկնածու ցոյց տրուած է ԱԳ կուսակցութեան կողմէ։ Ան Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն առաջադրուած է 12-րդ կարգի վրայ։
Այս բոլորէն վերջ թրքահայ համայնքը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի հետեւի արտասովոր ուշադրութեամբ, քանի որ երկար տասնամեակներէ վերջ հայ արմատներով երեսփոխանի մը ընտրուիլը գրեթէ երաշխաւորուած է եւ նոյնիսկ հաւանականութիւն կայ, որ թիւը ըլլայ մէկէ աւելի։
Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլոր թեկնածուներուն։